Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Ռուսիան բաւարար միջոցներու չի ձեռնարկեր Սուրիոյ մէջ կրակոցի դադրեցման համար:
Ան նշած է, որ այդ մասին իրենք արդէն զրուցած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
«Ռուսիան պէտք է դադրի յամառիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը պահպանելու հարցին մէջ: Ես արդէն այդ մասին ըսած եմ իմ ռուս գործընկերոջս: Ռուսիան բաւականաչափ միջոցներ չի ձեռնարկեր Սուրիոյ մէջ զինադուլի դրութեան խախտումը դադրեցնելու համար», ըսած է Չաւուշօղլու: