Քրտական Ուժերը Գրաւած Են Դէպի Ռաքքա Առաջնորդող Բոլոր Ճամբաները
«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են դէպի Ռաքքա առաջնորդող բոլոր ճամբաները: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ճիհան Շեխ Ահմետ քրտական «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Խզած ենք ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման բոլոր ճամբաները: Խզած ենք Իրաքի հետ կապը, կ՛ազատագրենք դէպի Տէր Զօր առաջնորդող ճամբան եւ վերահսկողութիւն հաստատած ենք Ռաքքայի նահանգի արեւելեան հատուածին վրայ»:...




















