Միջազգային

Խոստանալով Այսուհետեւ  Ուժգնօրէն Հակադարձել`  «Միացեալ Նահանգներ  Կարմիր Գիծը Անցան»  Կ՛ըսեն Սուրիոյ Դաշնակիցները

Խոստանալով Այսուհետեւ Ուժգնօրէն Հակադարձել` «Միացեալ Նահանգներ Կարմիր Գիծը Անցան» Կ՛ըսեն Սուրիոյ Դաշնակիցները

Ռուսիոյ, Իրանի եւ սուրիական բանակի դաշնակից ուժերը երէկ Շհէյրաթ օդակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռակոծման վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ դէմ կատարած յարձակումը վտանգաւոր խախտում մըն է եւ բացայայտ ոտնձգութիւն մը Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան դէմ, իրողութիւն մը, որ «անգամ մը եւս կը փաստէ ամերիկեան հաշիւներուն եւ ընտրանքներուն...

Գերմանիոյ Բանակը Պիտի Չմասնակցի  Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Հաւանական Նոր Հարուածներուն

Գերմանիոյ Բանակը Պիտի Չմասնակցի Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հաւանական Նոր Հարուածներուն

Գերմանիոյ զինեալ ուժերը պիտի չմասնակցին Սուրիոյ կառավարական բանակի դիրքերուն դէմ Միացեալ Նահանգներու հաւանական նոր հարուածներուն: Այս մասին «Էս.Ու.Առ» ձայնասփիւռի կայանէն յայտարարած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն: Ան ընդգծած է, որ Գերմանիոյ բանակին առջեւ դրուած է յստակ նպատակ` Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ հետախուզութիւն կատարել ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ: «Ես կ՛ընդգծեմ` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի: Ասիկա կատարելապէս հասկնալի լիազօրութիւն է, եւ...

Թրամփի Վարկանիշը  Մրցանշային Անկում Կրած Է

Թրամփի Վարկանիշը Մրցանշային Անկում Կրած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի գործունէութեան հաւանութեան վարկանիշը ամերիկացի ընտրողներու մօտ նուազած է` հասնելով անոր պաշտօնակալութենէն ի վեր մրցանշային ցած ցուցանիշի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն «Կալոփ» հիմնարկի կատարած վերջին հարցախոյզի տուեալները: Ըստ այդ տուեալներուն, Միացեալ Նահանգներու չափահաս բնակչութեան մօտ Թրամփին ցուցաբերուող աջակցութիւնը նուազած է մինչեւ 37 առ հարիւրի եւ անոր աշխատանքին հաւանութիւն չէ տուած հարցախոյզի մասնակիցներուն...

Իրան Հերքեց Լաթաքիոյ Մէջ Ռազմակայան  Հիմնելու Ծրագիրներու Մասին Լուրերը

Իրան Հերքեց Լաթաքիոյ Մէջ Ռազմակայան Հիմնելու Ծրագիրներու Մասին Լուրերը

Իրան հերքած է Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանին մէջ ռազմակայան հիմնելու մտադրութեան մասին լուրերը, կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ռասուլ Սանայ Ռատի յայտարարութեան: Իրանցի զօրավարը նշած է, որ լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած այն լուրերը, թէ Իրան սուրիական տագնապի վեց տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ իշխանութիւններուն իր ցուցաբերած աջակցութեան դիմաց պիտի ստանայ ռազմակայանի տարածք, ապատեղեկատուութիւն են եւ...

Դանիան 183 Տարուան  Ընթացքին Առաջին  Անգամ Ըլլալով Պիտի Մնայ  Առանց Արտաքին Պարտքի

Դանիան 183 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Մնայ Առանց Արտաքին Պարտքի

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Դանիոյ կառավարութիւնը վճարած է օտար դրամանիշով, 1,5 միլիառ տոլար գումարի վերջին վարկը: 183 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով երկիրը մնաց առանց արտաքին պարտքի: «Կեդրոնական կառավարութիւնը կարիք չունէր ներգրաւելու դրամանշային վարկային միջոցներ, եւ փոխառութիւնները աստիճանաբար վճարուած են», ըսուած է Դանիոյ Ազգային դրամատան հաղորդագրութեան մէջ: Դանիական «Ալթիկեթ» հրատարակութիւնը կը գրէ, որ այդ վարկի վճարումը չի նշանակեր, թէ Դանիոյ...

Մաքրոն Սուրիոյ Իրադարձութիւնները  Նկատած Է Ֆրանսայի  Եւ Եւրոպայի Պարտութիւնը

Մաքրոն Սուրիոյ Իրադարձութիւնները Նկատած Է Ֆրանսայի Եւ Եւրոպայի Պարտութիւնը

Ֆրանսայի նախագահական ընտրապայքարի յառաջատարներէն, «Յառաջ» շարժումի հիմնադիր եւ երկրի տնտեսութեան նախկին նախարար Էմանուէլ Մաքրոն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները կը նկատէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի պարտութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին 19 մարտին յայտարարած է «Ֆրանս-2» պատկերասփիւռի կայանէն: «Հալէպի մէջ տեղի ունեցածը, անկեղծ ըսած, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի շատ մեծ պարտութիւնն է: Այն իրողութիւնը, որ այսօր սուրիական ճգնաժամի ելքը...

Ուաշինկթըն Հրթիռակոծեց  Սուրիոյ Բանակի Շհէյրաթ Օդակայանը

Ուաշինկթըն Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Բանակի Շհէյրաթ Օդակայանը

Երէկ առաւօտեան ժամը 3:40-ին Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւեր «Թոմահոք» տիպի 59 հրթիռներ արձակեցին Հոմսէն արեւելք գտնուող եւ կեդրոնական Սուրիոյ մէջ կարեւորագոյն զինուորական օդակայանը եղող Շհէյրաթ օդակայանին ուղղութեամբ, ուրկէ կը կարծուի, թէ թռիչք կատարած են Խան Շէյխունի մէջ ենթադրեալ քիմիական ռումբով յարձակումը կատարած օդանաւերը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ յարձակումին շղթայազերծումը իր երկրին համար «կենսական ազգային շահ»...

«Սթոքհոլմի Մէջ Կատարուած  Վրայերթը Ահաբեկչական Արարք Է»  Կ’ըսէ Շուէտի Վարչապետը

«Սթոքհոլմի Մէջ Կատարուած Վրայերթը Ահաբեկչական Արարք Է» Կ’ըսէ Շուէտի Վարչապետը

Շուէտի պետական «Իքոթ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երեք անցորդներ սպաննուած են, երբ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի ենթարկուած են բեռնակառքի մը կողմէ: Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լոֆվեն յայտնեց. «Բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի գործողութիւնը ահաբեկչական արարք է»: Շուէտական ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ առնուազն երկու զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց Սթոքհոլմի գնացքի կեդրոնական կայարանէն...

Լը Փեն Կը Մնայ Ընտրութիւններու  Առաջին Փուլի Յառաջատարը

Լը Փեն Կը Մնայ Ընտրութիւններու Առաջին Փուլի Յառաջատարը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն մէկ օրուան մէջ մէկ առ հարիւրով տկարացուցած է իր դիրքը: Այս մասին կը վկայեն ընտրութիւններու առաջին փուլին վերաբերեալ «ՕփինիընՈւէյ» ընկերութեան հարցախոյզին տուեալները: Լը Փեն կը շարունակէ մնալ ընտրութիւններու առաջին փուլի յառաջատարը, սակայն այժմ, համաձայն հարցախոյզի տուեալին, անոր ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է ընտրողներուն 25 առ...

Պուլկարիոյ Թուրքերը Կոչ Ուղղած Են  Դէմ Քուէարկելու Թուրքիոյ Սահմանադրական  Փոփոխութիւններուն

Պուլկարիոյ Թուրքերը Կոչ Ուղղած Են Դէմ Քուէարկելու Թուրքիոյ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ մէջ թուրքերուն կողմէ հիմնադրուած «Իրաւունքներու եւ ազատութիւններու շարժում» կուսակցութիւնը դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ նախատեսուող սահմանադրական փոփոխութիւնները: Կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Քարատայ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգին անցնելով կը վտանգուին մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները: «Իրաւունքներու եւ ազատութիւններու շարժում» կուսակցութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի «Ո՛չ» ըսելու սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնք երկիրը...

Վենեզուելայի Մէջ Առնուազն 18 Վիրաւոր`  Իշխանութիւններուն Դէմ  Բողոքի Ցոյցերու Ընթացքին

Վենեզուելայի Մէջ Առնուազն 18 Վիրաւոր` Իշխանութիւններուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերու Ընթացքին

Վենեզուելայի մէջ 18 մարդ վիրաւորուած է երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ իշխանութիւններուն դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու եւ քայլարշաւներու պատճառով: Բողոքը հիմնականին մէջ ուղղուած է իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, որ պատճառ դարձած է երկրի տնտեսական ճգնաժամին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ ձերբակալուած են 12 անձեր: Մարդիկ զայրացած են, երբ Վենեզուելայի գերագոյն դատարանը անցեալ շաբթուընէ սկսած է ղեկավարել երկրի...

Ըստ Հարցախոյզի Մը.  Թուրքիոյ Մէջ Կառավարման Նախագահական  Համակարգին Զօրակցողներուն  Թիւը Առաջին Անգամ Ըլլալով  Գերազանցած Է Դէմ Արտայայտուողներուն Թիւը

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Թուրքիոյ Մէջ Կառավարման Նախագահական Համակարգին Զօրակցողներուն Թիւը Առաջին Անգամ Ըլլալով Գերազանցած Է Դէմ Արտայայտուողներուն Թիւը

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Կեզի» հետազօտական կեդրոնի վերջին ուսումնասիրութեան տուեալներուն կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ կառավարման նախագահական համակարգին կողմ արտայայտուողներուն թիւը առաջին անգամ գերազանցած է առաջարկին դէմ քուէարկել պատրաստուողներուն թիւը: Ըստ «Կեզի»-ի կատարած հարցախոյզին, սահմանադրական փոփոխութիւններուն «Այո՛» քուէարկել պատրաստուողներուն համեմատութիւնը 53,3 առ հարիւր է, իսկ «Ո՛չ» քուէարկողներունը նուազելով հասած է 46,7 առ հարիւրի: Նախապէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ...

Աւստրալիան ԱՆԶԱՔ-ի Օրուան Վերաբերեալ  Նախազգուշացուցած Է 25 Ապրիլին Թուրքիոյ Մէջ  Յարձակումներու Վտանգի Մասին

Աւստրալիան ԱՆԶԱՔ-ի Օրուան Վերաբերեալ Նախազգուշացուցած Է 25 Ապրիլին Թուրքիոյ Մէջ Յարձակումներու Վտանգի Մասին

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը նախազգուշացուցած է Թուրքիոյ մէջ ԱՆԶԱՔ-ի` Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի ազգային օրուան հետ կապուած ձեռնարկներու ժամանակ յարձակումներու վտանգի մասին: 25 ապրիլին Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ մէջ կը յիշատակեն 1915-ին ԱՆԶԱՔ-ի շուրջ 15 հազար զինուորներու Կալիփոլի քաղաքին մօտ ցամաքահանումը: Այդ օր Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բնակչիները կը յիշեն պատերազմներուն մէջ զոհուած իրենց նախահայրերը: Վեթերաններու...

Գերմանական Իշխանութիւնները  Լրտեսութեան Կասկածներով  Կը Հարցաքննեն Թուրքիոյ 20 Քաղաքացիներ

Գերմանական Իշխանութիւնները Լրտեսութեան Կասկածներով Կը Հարցաքննեն Թուրքիոյ 20 Քաղաքացիներ

Գերմանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ գերմանական իշխանութիւնները կը հարցաքննեն Թուրքիոյ քսան քաղաքացիներ, որոնց շուրջ Գերմանիոյ մէջ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու կասկածներ գոյութիւն ունին: Գերմանիոյ դաշնակցային ընդհանուր դատախազութեան գրասենեակը մարտ ամսուան ընթացքին յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ մէջ լրտեսութեան գործողութիւններու շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած է:

«Իտլիպի Ողբերգութիւնը Կրնայ  Ձեռնտու Ըլլալ Ահաբեկիչներուն»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Իտլիպի Ողբերգութիւնը Կրնայ Ձեռնտու Ըլլալ Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Փեսքով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման վերաբերող ողբերգութիւնը կրնայ ձեռնտու ըլլալ ահաբեկիչներուն եւ անոնց, որոնք կը փորձեն ապաօրինականացնել Սուրիոյ իշխանութիւնները: «Անտարակոյս, գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք բանը կը տանին Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան օրինական ղեկավարութեան ապաօրինականացման: Եւ գոյութիւն ունին ահաբեկչական ուժեր եւ անոնք, որոնք կ՛աջակցին ահաբեկիչներուն»,...

«Ահաբեկիչներու Եւրոպա Երթալու  Իրողութիւնը Մաս Կը Կազմէ  Թրքական Քաղաքականութեան»  Ըսած Է Յորդանանի Թագաւորը

«Ահաբեկիչներու Եւրոպա Երթալու Իրողութիւնը Մաս Կը Կազմէ Թրքական Քաղաքականութեան» Ըսած Է Յորդանանի Թագաւորը

Ըստ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած` Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ գրուած գաղտնի զեկուցումին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «կը հաւատայ շրջանին մէջ հարցերուն իսլամական արմատական լուծումին, եւ այն իրողութիւնը, որ ահաբեկիչները կը մեկնին Եւրոպա, մաս կը կազմէ թրքական քաղաքականութեան, իսկ Թուրքիա շարունակ ձեռքէն հարուած կը ստանայ, սակայն պատասխանատուութեան չի կանչուիր»: Սպրդուած զեկուցումը շուրջ մէկ տարի առաջ գրուած է,...

Եւրոպական Խորհրդարանը Վաւերացուց  Ուքրանիոյ Քաղաքացիներուն Համար Մուտքի  Արտօնագիրներու Դրութեան Ջնջումը

Եւրոպական Խորհրդարանը Վաւերացուց Ուքրանիոյ Քաղաքացիներուն Համար Մուտքի Արտօնագիրներու Դրութեան Ջնջումը

«Ուքրանական անկախ լրատու գործակալութիւն»-ը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած են Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն համար առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանման մասին օրինագիծը: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է Սթրազպուրկի մէջ` Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ծիրին մէջ: Օրինագիծին թեր քուէարկած է 521 երեսփոխան, 75 երեսփոխան` դէմ, իսկ 36` ձեռնպահ: Ուքրանիոյ հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը ուժի մէջ մտնելու համար փաստաթուղթը պէտք...

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Իրանցի Ազդեցիկ Կրօնաւորը Նախագահական  Մրցապայքարի Մէջ Պիտի Մտնէ Ռուհանիի Հետ

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Իրանցի Ազդեցիկ Կրօնաւորը Նախագահական Մրցապայքարի Մէջ Պիտի Մտնէ Ռուհանիի Հետ

Իրանի մէջ յայտնի եւ ազդեցիկ պահպանողական հոգեւորական Իպրահիմ Ռայիզի պիտի մասնակցի յառաջիկայ ամիս Իրանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան: Նախագահութեան միւս երկու թեկնածուները դուրս մնացած են ընտրապայքարէն: «Պլումպըրկ» կը գրէ, որ այս իրողութիւնը կրնայ միաւորել պահպանողականներու ձայները եւ մարտահրաւէր ուղղել գործող նախագահ Հասան Ռուհանիին: «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ռայիզի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին յայտարարած է երէկ: Մէկ օր առաջ միւս...

ՏԱՀԵՇ-ի Ներկայացուցիչները  Ուղերձ Մը Յղած Են Ամերիկացիներուն

ՏԱՀԵՇ-ի Ներկայացուցիչները Ուղերձ Մը Յղած Են Ամերիկացիներուն

ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցիչները ամերիկացիներուն յղած են ուղերձ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յիշատակած են անոր ընտրուելու պահէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: «Ինթըրֆաքս» կը նշէ, որ 4 ապրիլին այդ մասին յայտնած է «Տը Հիլ»: «Դուք սնանկացած էք, եւ ձեր կործանման նշանները ակնյայտ են որեւէ աչքի համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ տեսագրած է Ապի Հասան Մուհաժեր անունով ահաբեկիչը...

«Թուրքիան Տակաւին Դուրս  Չէ Բերած Իր Զօրքերը Սուրիայէն»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

«Թուրքիան Տակաւին Դուրս Չէ Բերած Իր Զօրքերը Սուրիայէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտարարած է, որ Թուրքիան տակաւին դուրս չէ բերած իր զօրքերը Սուրիայէն: Դեսպանը անգամ մը եւս շեշտած է, որ սուրիական իշխանութիւնները թրքական զինեալ ուժերու Սուրիոյ տարածքին մէջ ներկայութիւնը կը նկատեն բռնագրաւում եւ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընտանիքին աչք չփակելու այդ հանգամանքին վրայ: Սուրիոյ մէջ վստահ են, որ «Եփրատի վահան» զինուորական...

Page 711 of 883 1 … 710 711 712 … 883

Արխիւներ