Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ համոզուած են, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի քիմիական զէնքով յարձակումներու համար, որոնք արձանագրուած են Սուրիոյ մէջ:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ տեղեկագիրին, կը հաղորդէ, որ 10 ապրիլին Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Մէյի եւ Մերքելի հետ:
«Վարչապետ Մէյ եւ վարչապետ Մերքել աջակցութիւն յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն եւ Թրամփի հետ համաձայն եղան, որ կարեւոր է պատասխանատուութեան ենթարկել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը», ըսուած է մամլոյ տեղեկագիրին մէջ:



