Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիլըրսըն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Աշխատելուն Եւ Սուրիոյ Ու Հըզպալլայի Հետ Աշխատելուն Միջեւ Ընտրութիւն Կատարելու

April 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն շեշտեց. «Ռուսիա պէտք է Միացեալ Նահանգներուն հետ աշխատելուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ աշխատելուն միջեւ ընտրանք մը կատարէ»:

«Ասատի, Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ Ռուսիոյ դաշինքները չեն ծառայեր անոր շահերուն, եւ պէտք է դաշնակցի Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց դաշնակիցներուն հետ», ըսաւ ան:

«Մեր բոլորիս համար արդէն յստակ դարձաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընտանիքին ժամանակաշրջանը մօտեցած է իր աւարտին», յայտնեց Թիլըրսըն` նշելով, որ Սուրիոյ դէմ ուղղուած ամերիկեան հարուածը «մեզի համար ազգային ապահովութեան հարց է եւ Ասատի վարչակարգին վայրագութեան ուղղակի հակադարձութիւն մը»:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ, որ քիմիական զէնքերը անցնին ՏԱՀԵՇ-ի կամ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը, ինչպէս նաեւ պիտի չընդունի, որ քիմիական զէնքը Սուրիոյ մէջ կամ այլուր օգտագործուի:

«Ռուսիան ձախողեցաւ սուրիական քիմիական զինանոցի վնասազերծման երաշխաւորման մէջ», նշեց Թիլըրսըն:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն համամիտ ըլլայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին շուրջ միջազգային հետաքննութեան:

«Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները Պաղ պատերազմէն ի վեր յոռեգոյն վիճակին մէջ են», կը նշէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով. «Մենք Ուաշինկթընի կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ զինուորական միակողմանի արարքի մը դիմելու կարելիութենէն շատ մտահոգ ենք»:

 

Նախորդը

Տը Միսթուրա Այսօր Սուրիոյ Շուրջ Խորհրդակցութիւններ Պիտի Ունենայ Մակ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

Յաջորդը

Թրամփ, Մէյ Եւ Մերքել Համոզուած Են, Որ Ասատ Պէտք Է Պատասխանատուութեան Ենթարկուի Քիմիական Զէնքով Յարձակումի Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.