Թրքական «Սէօզճիւ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա աւարտած է Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ շաղախէ պատի կառուցման աշխատանքները:
556 քմ երկարութեամբ եւ 3 մեթր բարձրութեամբ պատը կը սկսի ԱլեքսանտրԷթ նահանգէն եւ կ՛երկարի սահմանամերձ Քիլիս, Ուրֆա, Այնթապ, Մարտին եւ Շըռնաք նահանգներուն վրայ:
Նոյն ատեն, թուրք-սուրիական սահմանին վրայ պիտի տեղակայուին 8 մեթր բարձրութեամբ զրահապատ աշտարակներ:
Թուրք-սուրիական սահմանը ունի 911 քմ երկարութիւն:
Թուրքիա կը պնդէ, որ իր այս քայլով կը փորձէ իր սահմանները պաշտպանել Սուրիայէն ներթափանցող ահաբեկիչներու վտանգէն: