Ընտրողներուն աւելի քան 78 առ հարիւրը քուէարկած է ի նպաստ Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութեան Ալանիա պետութիւն վերանուանման: «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ այս նախնական տուեալները հրապարակած է Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի ղեկավար Պելլա Փլիեւան: «78,2 առ հարիւրը թեր է, 21,8 առ հարիւրը` դէմ», ըսած է ան:
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ 9 ապրիլին Հարաւային Օսեթիոյ մէջ տեղի ունեցած է նախագահական ընտրութիւն: Զուգահեռաբար հանրապետութեան քաղաքացիները պատասխանած են այն հարցումին, թէ իրենք արդեօք համաձա՞յն են Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութիւնը Ալանիա պետութիւն վերանուանելուն:
Հարաւային Օսեթիոյ մէջ ընտրութիւնն ու հանրաքուէն նկատուած են կայացած, որովհետեւ անոնց մասնակցութեան համեմատութիւնը գերազանցած է 50 առ հարիւրը: