Իրաքի Սինճար գաւառի կառավարիչ Մահմա Խալիլ յայտարարեց, որ գաւառին մէջ ՏԱՀԵՇ իր ետին ձգած է հաւաքական գերեզմաններ, որոնցմէ մէկուն մէջ յայտնաբերուած են 1646 եզիտիներու դիակներ:
Ան նշեց, որ մինչեւ օրս Սինճարի մէջ յայտնաբերուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ փորուած 31 հաւաքական գերեզմաններ, որոնց մէջ թաղուած են նոյեմբեր 2015-էն յունուար 2016 երկարող ժամանակաշրջանին սպաննուած եզիտիներ:
Խալիլ նախատեսեց, որ հաւաքական գերեզմաններուն թիւը հասնի 50-ի, որուն զուգահեռ նաեւ բարձրանայ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ մահապատիժի ենթարկուած զոհերուն թիւը:
Նշենք, որ քրտական Փեշմերկաները հոկտեմբեր 2015-ին ազատագրած էին Սինճար գաւառը, որ օգոստոս 2014-ին գրաւուած էր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:



