«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը Եգիպտոսի Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ ղպտիական եկեղեցիներուն դէմ ահաբեկիչներու կողմէ կատարուած յարձակումներէն ետք մտադիր չէ հրաժարիլ այդ երկիրը նախատեսուած իր այցելութենէն: Յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած էր աւելի քան 40 զոհ:
Վատիկանի պետական քարտուղարի ընդհանուր գործերով տեղակալ Անճելօ արք. Պեչու յայտարարած է, որ տեղի ունեցածը «չի կրնար խանգարել քահանայապետին խաղաղութեան առաքելութիւնը»: «Ո՛չ մէկ կասկած կայ, թէ քահանայապետը պիտի կատարէ խոստումը», ըսած է կարտինալը:
Ֆրանչիսկոս պապը Եգիպտոս պիտի այցելէ 28-29 ապրիլին` Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի, կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Թէոդորոս Բ.-ի եւ Ազհար համալսարանի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմետ Թիպիի հրաւէրով: