Անծանօթ Մը Սղոցով Յարձակում Գործած Է Զուիցերիոյ Մէջ
Հինգ հոգի վիրաւորուեցաւ երէկ Զուիցերիոյ Շեֆհաուզեն քաղաքին մէջ, երբ անծանօթ մը սղոցով յարձակում գործեց անցորդներուն վրայ` քաղաքի առեւտրական մէկ կեդրոնին մէջ: Զուիցերիական ոստիկանութիւնը փութացած է դէպքին վայրը եւ պաշարած Գերմանիոյ հետ սահմանամերձ 36 հազար բնակիչ հաշուող քաղաքի գլխաւոր մուտքերը: Ըստ զուիցերիական «Պլէյք» թերթի ելեկտրոնային կայքին, ոստիկանութիւնը ստուգած է յանցագործին ինքնութիւնը` առանց սակայն բացայայտելու զայն: Ըստ նոյն աղբիւրին, ականատեսներ նկատած են...




















