Միջազգային

Փենթակոն. «Թուրքիոյ Կողմէ Հիւսիսային  Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերու Դիրքերուն  Հրապարակումը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Զանոնք»

Փենթակոն. «Թուրքիոյ Կողմէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերու Դիրքերուն Հրապարակումը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Զանոնք»

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու դիրքերուն վերաբերեալ քարտէս մը եւ մանրամասնութիւններ, ինչ որ Փենթակոնը մղած է իր «մտահոգութիւնը» յայտնելու Անգարային: Ամերիկեան բանակի բանբեր հազարապետ Ճոշ Ճեք յայտնած է. «Զինուորական զգայուն տեղեկութեան հրապարակումը դաշնակից ուժերը կ՛ենթարկէ անհարկի վտանգի եւ կրնայ խանգարել ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու համար ընթացող գործողութիւնները»: Երեքշաբթի օր...

Գերմանիան Կը Փոխէ Թուրքիոյ  Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը

Գերմանիան Կը Փոխէ Թուրքիոյ Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը

Մերքել. «Թուրքիոյ Դէմ Միջոցառումներու Ձեռնարկելը Դարձած Է Անհրաժեշտ Եւ Անխուսափելի» Վկայակոչելով թրքական «Տիքեն» կայքը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ամբողջական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի յայտարարութիւններուն: Գերմանիոյ վարչապետին բանբերը նշած է, որ Մերքել կը զօրակցի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին բոլոր յայտարարութիւններուն: «Մերքել ընդգծած է, որ Թուրքիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկելը դարձած է անհրաժեշտ եւ անխուսափելի»,...

Նշելով, Որ Ռիատ Պէտք Է  Հրաժարի 13 Պահանջներէն.  «Թուրքիան Կրնայ Միջնորդ Դառնալ  Քաթարեան Տագնապին Մէջ»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Նշելով, Որ Ռիատ Պէտք Է Հրաժարի 13 Պահանջներէն. «Թուրքիան Կրնայ Միջնորդ Դառնալ Քաթարեան Տագնապին Մէջ» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, թէ Անգարա կրնայ միջնորդութիւն կատարել քաթարեան տագնապի լուծման համար: «Թուրքիոյ նախագահը պիտի լսէ բոլոր կողմերը, սակայն Սէուտական Արաբիան պէտք է հրաժարի 13 պահանջները ներառող ծրագիրէն եւ պէտք է զայն վերատեսութեան ենթարկէ», ըսած է ան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Քաթար այցելութենէն առաջ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:...

Թուրքիա Աւարտած Է Զինուորականներու`  Քաթարի Իր Ռազմակայան Տեղափոխումը

Թուրքիա Աւարտած Է Զինուորականներու` Քաթարի Իր Ռազմակայան Տեղափոխումը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Քաթարի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ աւարտած է թուրք զինուորներու Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայան տեղափոխումը: Կը հաղորդուի, որ թուրք զինուորներու վեցերորդ խումբը հասած է Քաթարի մէջ Թուրքիոյ ռազմակայան: Քաթարի պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ Տոհա եւ Անգարա աշխուժօրէն կը համագործակցին պաշտպանութեան մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի, շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պաշտպանութեան...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի.  Թրամփ Վերջ Տուած Է Սուրիական  Ընդդիմութիւնը Զինելու «Սի.Այ.Էյ.»-Ի Ծրագիրին

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Թրամփ Վերջ Տուած Է Սուրիական Ընդդիմութիւնը Զինելու «Սի.Այ.Էյ.»-Ի Ծրագիրին

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջ տուած է սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու «Սի.Այ.Էյ.»-ի գաղտնի ծրագիրին: Օրաթերթը կը նշէ, որ զինման ծրագիրը 2013-ին նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին սկսած քաղաքականութեան կեդրոնական տարրերէն էր` աւելցնելով, որ ատոր նպատակը ճնշում բանեցնելն էր Ասատի վրայ, որպէսզի ան հրաժարի, սակայն «նոյնիսկ...

Թուրքիա Գերմանիան Զգուշացուցած Է  Էրտողանի Դէմ Հաւանական Յարձակումէ

Թուրքիա Գերմանիան Զգուշացուցած Է Էրտողանի Դէմ Հաւանական Յարձակումէ

Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմինները Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն առաջ Գերմանիոյ ոստիկանութեան դաշնակցային վարչութիւն ուղարկած են գրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուցած են նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ հաւանական յարձակումի մասին: Օրաթերթին տուեալներով` վեհաժողովէն առաջ գերմանական ոստիկանութիւնը ստացած է նամակ մը, որուն մէջ նշուած է. «Գերմանացի ոստիկանի տարազով մարդիկ կրնան յարձակում գործել նախագահ...

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոխուած Են  Հինգ Նախարարներ, Ներառեալ  Պաշտպանութեան Նախարարը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոխուած Են Հինգ Նախարարներ, Ներառեալ Պաշտպանութեան Նախարարը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելէ ետք կատարած է անձնակազմի խոստացած փոփոխութիւններու առաջին փուլը: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ քանի մը օր առաջ Անգարայի մէջ Էրտողանի եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի միջեւ երկու ժամ տեւած քննարկումէ մը ետք որոշուած է փոխել հինգ նախարար: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Նուրէտտին Ճանիքլի, արդարադատութեան նախարար` Ապտուլ...

Տումա. «Ռուսիան Ամերիկեան Նոր Զէնքէն  Աւելի Զօրաւոր Զէնք Մը Կը Պատրաստէ»

Տումա. «Ռուսիան Ամերիկեան Նոր Զէնքէն Աւելի Զօրաւոր Զէնք Մը Կը Պատրաստէ»

Միացեալ Նահանգներ Փորձարկած Են Թեւաւոր Հրթիռէն 50.000 Անգամ Հզօր Նոր Լազերային Զէնք Մը «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծովուժը Արաբական ծոցին մէջ յաջողութեամբ փորձարկած է լազերային նոր զէնք մը, որուն համակարգը տեղակայուած էր «Փոնս» մարտանաւին վրայ: Նաւապետ Քրիսթոֆըր Ուելս յայտարարած է, որ այս զէնքը աւելի ճշգրտօրէն կը հարուածէ իր թիրախը, քան փամփուշտը: Անիկա շատ մասնագիտական զէնք մըն է, որ...

Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Մտադիր Են Կազի  Խողովակաշար Կառուցել` Եւրոպային  Կազ Մատակարարելու Համար

Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Մտադիր Են Կազի Խողովակաշար Կառուցել` Եւրոպային Կազ Մատակարարելու Համար

Թուրքիա եւ Իսրայէլ մտադիր են մինչեւ տարեվերջ համաձայնագիր ստորագրել կազի խողովակաշարի մը կառուցման վերաբերեալ. այդ խողովակաշարին  միջոցով միջերկրականեան հանքերէն կազ պիտի մատակարարուի դէպի Եւրոպա: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի ուժանիւթի, ջրամատակարարման եւ ազգային ենթակառոյցներու նախարար Եուվալ Շթայնից: Ըստ անոր, կազի խողովակաշարի կառուցման հարցով նախնական միջկառավարական համաձայնագիրի կնքման մասին որոշումը տրուած է 4 փուլերու վրայ...

Իրաքի Վարչապետը Թրքական Ուժերուն  Կոչ Ուղղած Է Լքելու Իրաքի Տարածքը

Իրաքի Վարչապետը Թրքական Ուժերուն Կոչ Ուղղած Է Լքելու Իրաքի Տարածքը

«Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի թրքական ուժերուն կոչ ուղղած է լքելու Իրաքի տարածքը: «Իրաքի վարչապետը թրքական ուժերուն կոչ ուղղած է ամիջապէս հեռանալու Իրաքէն, որովհետեւ Մուսուլի համար պայքարը արդէն աւարտած է», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Նախապէս, Ապատի պաշտօնապէս յայտարարած էր Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ տարած յաղթանակին մասին:

Իսրայէլ Երուսաղէմի Դռները  Ամբողջական Կերպով Փակեց

Իսրայէլ Երուսաղէմի Դռները Ամբողջական Կերպով Փակեց

Իսրայէլեան բանակը երէկ Երուսաղէմի դռները ամբողջական կերպով փակեց եւ Երուսաղէմի բնակիչներուն արգիլեց հասնիլ Ասքայի մզկիթ: Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Երուսաղէմի եւ Աքսայի մզկիթին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ որդեգրուած իսրայէլեան միջոցառումներուն վերաբերեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ապահովական մարմիններու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Եւրոպական Միութիւնը 1,5 Միլիոն Եւրօ  Պիտի Յատկացնէ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական  Յանցագործութիւններու Հետաքննութեան Համար

Եւրոպական Միութիւնը 1,5 Միլիոն Եւրօ Պիտի Յատկացնէ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Յանցագործութիւններու Հետաքննութեան Համար

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը 1,5 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Սուրիոյ մէջ զինուորական յանցագործութիւններու հետաքննութեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումով ստեղծուած անկախ յանձնախումբի աշխատանքին համար: Դեկտեմբեր 2016-ին ստեղծուած յանձնախումբը հետաքննութիւն պիտի կատարէ 2011-ի մարտէն ի վեր Սուրիոյ մէջ գործուած առաւել լուրջ յանցագործութիւններու պատասխանատուները ճշդելու համար: Ընդհանուր ժողովին որդեգրած բանաձեւին համաձայն, յանձնախումբին յանձնարարուած է հաւաքել եւ վերլուծել իրաւախախտումներու ապացոյցներ,...

Գերմանիա Թուրքիոյ Բողոքագիր Յղած Է.  Ուաշինկթըն Խստօրէն Կը Դատապարտէ  Թուրքիոյ Մէջ Իրաւապաշտպաններու  Հետապնդումները

Գերմանիա Թուրքիոյ Բողոքագիր Յղած Է. Ուաշինկթըն Խստօրէն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Իրաւապաշտպաններու Հետապնդումները

Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու վեց պաշտպաններու ձերբակալումը` թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու զանոնք: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ: «Փոքրաթիւ ապացոյցներով կամ չնչին թափանցիկութեամբ այդպիսի մեղադրանքները կ՛ոտնահարեն Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութիւնը եւ անհատներու իրաւունքը յարգելու այդ երկրի պարտաւորութիւնները: Մենք Թուրքիոյ...

Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութեան  Շուրջ Հանրաքուէն Մինչեւ Հոկտեմբեր

Պարզանի. «Հանրաքուէն Մեր Բնական Իրաւունքն Է, Եւ Ոչ Ոքի Սպառնական Ոճը Կ՛ընդունինք»

Մասուտ Պարզանի Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ քիւրտերը հանրաքուէ կատարելու իրաւունքէն պիտի չհրաժարին` աւելցնելով. «Քիւրտիստանի ժողովուրդը այդ իրաւունքը պիտի կիրարկէ խաղաղ կերպով` առանց բռնարարքի»: «Իմ կարծիքովս, աւելի լաւ է ապրինք իբրեւ զիրար յարգող դրացիներ եւ յարգենք իրարու ռազմավարական խորքը, եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցինք իբրեւ բարեկամներ ու եղբայրներ», ըսաւ ան: «Քիւրտիստանի ժողովուրդը կ’ուզէ խաղաղութեամբ ու եղբայրաբար...

ՄԱԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Մնայուն  Ներկայացուցիչը Մտահոգութիւն Յայտնած Է  Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի  Անկախութեան Հանրաքուէին Վերաբերեալ

ՄԱԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Մնայուն Ներկայացուցիչը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէին Վերաբերեալ

Քրտական «Ռուտաու» կայքը կը գրէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի իր մտահոգութիւնը յայտնած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի` սեպտեմբերին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէին վերաբերեալ: Հէյլի, մասնաւորաբար, շեշտած է, որ  հանրաքուէն ու ատոր շուրջ ստեղծուած լարուած կացութիւնը կրնան Իրաքի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղել այնպիսի առանցքային խնդիրներէ, ինչպէս օրինակ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պաքարը: Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարին, Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն...

ՕԹԱՆ Մեկնաբանած Է Քոնիայի  Ռազմակայանի Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամը

ՕԹԱՆ Մեկնաբանած Է Քոնիայի Ռազմակայանի Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամը

ՕԹԱՆ պաշտօնապէս արձագանգած է Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին շուրջ ստեղծուած թուրք-գերմանական ճգնաժամին: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ` խօսելով Քոնիայի ռազմակայան գերմանացի երեսփոխաններու այցելութեան մասին, նշած էր, որ անոնց այցելութիւնը ժամանակաւորապէս յետաձգուած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուած յարաբերութիւններուն պատճառով: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ ՕԹԱՆ-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ՕԹԱՆ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Մտահոգ Է Տոնեցքի Մէջ  Մալոռոսիա Պետութեան Ստեղծման Յայտարարութեամբ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգ Է Տոնեցքի Մէջ Մալոռոսիա Պետութեան Ստեղծման Յայտարարութեամբ

Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Մալոռոսիա պետութիւնը ստեղծելու մասին յայտարարութեամբ, սակայն պատրաստ չէ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելու Տոնեցքի Ժողովրդային հանրապետութեան ղեկավար Ալեքսանտր Զախարչենքոյի նախաձեռնութեան վերաբերեալ: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է. «Մենք տեսած ենք յայտարարութիւնը, թէ այսպէս կոչուած անջատողականները նոր պետութիւն կ՛ուզեն: Այդ նոր պետութիւնը Ուքրանիոյ տեղ պիտի ըլլայ: Ատիկա, ի հարկէ, մեզ կը մտահոգէ, սակայն...

Թրամփ Կը Վերահաստատէ Իրանի Հիւլէական  Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան  Նկատմամբ Իր Երկրին Յանձնառութիւնը

Թրամփ Կը Վերահաստատէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան Նկատմամբ Իր Երկրին Յանձնառութիւնը

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերահաստատած է Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը, այդպիսով ետդարձ կատարելով այդ համաձայնագիրը պատռելու իր նախընտրական խոստումէն: Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Թրամփ միեւնոյն ժամանակ սպառնացած է Իրանի դէմ հաստատել պատժամիջոցներ, որոնք առնչուած չեն Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին, այլ` զինուորական երկու այլ ծրագիրներու: Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց...

«Իրաքի Քիւրտիստանի Անկախութեան Մասին  Հանրաքուէն Պատճառ Պիտի  Դառնայ Աղէտալի Հետեւանքներու»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Իրաքի Քիւրտիստանի Անկախութեան Մասին Հանրաքուէն Պատճառ Պիտի Դառնայ Աղէտալի Հետեւանքներու» Կ՛ըսէ Զարիֆ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երկուշաբթի օր Նիւ Եորքի Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով խորհուրդին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան մասին հանրաքուէն պատճառ պիտի դառնայ աղէտալի հետեւանքներու: «Մենք չենք կարծեր, որ հանրաքուէն ճիշդ ընտրութիւն է: Մենք կը կարծենք, որ ատիկա պիտի առաջնորդէ Իրաքի մէջ կեդրոնախոյս ուժերու...

Աքսայի Հարցով Իսրայէլ-Յորդանան  Բանավէճը Կը Շարունակուի

Աքսայի Հարցով Իսրայէլ-Յորդանան Բանավէճը Կը Շարունակուի

Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Աւի Տեխթեր յայտնեց. «Այն գաղափարը, որ տաճարին վայրը իսլամական կալուած է, վերջ գտաւ»: «Աքսայի մզկիթին մէջ որեւէ միջազգային ուժ պիտի չըլլայ, այլ միայն իսրայէլեան պետութիւնն ու ոստիկանութիւնը», նշեց ան: Միւս կողմէ, Քնեսեթի նախագահ Ուլի Էտելշթայն բուռն կերպով քննադատեց Յորդանանի խորհրդարանի նախագահ Աթեֆ Թարաուինան` վերջինիս Երուսաղէմի եւ Աքսայի մզկիթին մէջ իսրայէլեան...

Page 686 of 883 1 … 685 686 687 … 883

Արխիւներ