Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հաստատեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ տագնապի լուծման առաջադրանքով նոր սահմանադրութեան նախնական սեւագիր մը մշակած է: Սեւագիրը, որ խմբագրուած է անցնող տարեվերջին, չէ պարտադրուած կողմերուն վրայ, որովհետեւ շատեր տրամադիր չէին քննելու նոր սահմանադրութիւնը:
Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ Լաւրով յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան սեւագիրը սկսած է քննարկուիլ, անիկա կ՛երաշխաւորէ Սուրիան բաղկացնող կողմերուն իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները` նշելով իւրաքանչիւր կողմին վերապահուելիք պարտականութիւնները նոր Սուրիոյ օրէնսդիր թէ գործադիր իշխանութեանց մէջ: