5 յուլիսին Թուրքիոյ իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ ձերբակալելով 10 իրաւապաշտպան, որոնցմէ ութն ազգութեամբ թուրք են, նպատակ ունեցած է վախցնել այդ երկրին մէջ գործող իրաւապաշտպանները: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կայքին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է միջազգային իրաւապաշտպան «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի ներկայացուցիչ Էնտրու Կարտնըր:
Ան նշած է, որ իրաւապաշտպաններու գործը կ՛ընթանայ գաղտնիութեամբ, հետեւաբար իրենք չեն գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ մեղադրանքներ ներկայացուած են անոնց դէմ: Այն, որ իրաւապաշտները կը մեղադրուին ահաբեկչական խմբաւորումի անդամ ըլլալու ամբաստանութեամբ, Կարտնըր անհեթեթութիւն կը կոչէ:
«Այս մարդիկը թիրախաւորուած են մարդու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Այս ճնշումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կառոյցներուն ուղղուած ուղերձ է: Եղած է զանոնք վախցնելու համար», նշած է ան:
Թուրքիոյ իրաւապահ մարմինները 5 յուլիսին Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են խումբ մը իրաւապաշտպաններ: Անոնք պանդոկներէն մէկուն մէջ կը մասնակցէին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած ծրագիրի մը, երբ ոստիկանները յարձակած եւ ձերբակալած են զանոնք: Ձերբակալուածներուն չեն ըսած, թէ ի՛նչ մեղադրանքով կը տարուին ոստիկանական բաժանմունք: 11 յուլիսին յայտնի դարձած է անոնց բանտարկութեան ժամկէտը շաբաթով մը եւս երկարաձգելու որոշումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կատարուածին առնչութեամբ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը` կոչ ուղղելով պահպանելու Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած ազատութիւնները: