«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մեքսիքայի հիւսիսարեւմտեան Սոնորա նահանգի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ նահանգին մէջ բարձր ջերմաստիճանի պատճառով վեց անձեր մահացած են:
Տաքէն վնասուած շուրջ 25 մարդ կը գտնուի հիւանդանոցներուն մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, Սոնորայի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ չափազանց բարձր ջերմաստիճանին պատճառով վնասուած մարդոց թիւը 2016-ի ցուցանիշներուն համեմատ նուազած է 18 առ հարիւրով:
Այժմ Սոնորայի մէջ շուքին ջերմաստիճանը կը գերազանցէ 40 աստիճանը` երբեմն հասնելով 50-ի: Իրավիճակը կը վատթարանայ խոնաւութեան շատ բարձր մակարդակին պատճառով: