Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին – Ալիեւ Հանդիպում` Սոչիի Մէջ

Յուլիս 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան յայտնեց, որ ուրբաթ, 21 յուլիսի երեկոյեան, Սոչիի մէջ, Վլատիմիր Փութին պիտի հանդիպէր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ազրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատուական գործակալութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ նախագահ Ալիեւ Սոչի հասած է` առեւտրական օրակարգով:

Ազրպէյճանական լրատու գործակալութեան Մոսկուայի թղթակիցը յայտնեց, որ հանդիպումը երկու նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած է: Հանդիպումէն առաջ, նախագահ Փութին յայտնած է, որ ինք կ՛ակնկալէ, որ Ալիեւի հետ հանդիպումը պիտի նպաստէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման:

«Կը յուսամ, որ մեր այսօրուան հանդիպումը պիտի նպաստէ լուծում գտնելու բոլոր բարդ խնդիրներուն, միեւնոյն ժամանակ, անշուշտ, մենք պիտի քննարկենք Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները», յայտնած է Փութին:

Փութին նշած է, որ Մոսկուան եւ Պաքուն ապագայի համար բազմաթիւ միացեալ ծրագիրներ ունին, եւ ինք ուրախ է, որ «կրնան հանդիպիլ ու խօսիլ այս հարցերուն մասին»:

Ալիեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան:

«Մենք գոհ ենք մեր յարաբերութիւններու բարձր որակէն, մենք կը գործակցինք քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, մարդասիրական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ լաւ հեռանկարներ կան ուժանիւթի եւ փոխադրութեանց մարզերուն մէջ», յայտնած է Ալիեւ:

«Անշուշտ, կարիքը կը զգանք կարեւոր հարցերու շուրջ պարբերաբար խորհրդակցելու, յատկապէս շրջանային եւ միջազգային քաղաքական հարցերու շուրջ եւ մասնաւորապէս մեր շրջանի ապահովութեան ամրապնդման վերաբերեալ», եզրակացուցած է Ալիեւ:

 

Նախորդը

Աքսայի Մզկիթի Դէպքերուն Պատճառով Երուսաղէմի Մէջ Լարուած Կացութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Ծոցի Հարցով Քուէյթեան Միջամտութեան Զօրակցելու Իր Շրջապտոյտին Առիթով. «Աւելի Քան Երբեք Իսլամները Այսօր Պէտք Ունին Համագործակցութեան» Ընդգծեց Էրտողան

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?