Քաթարի պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պեն Մոհամետ Աթիէ հաւանական նկատած է, որ Քաթար Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդէն հեռանայ:
«Ռաշա Թուտէյ» կայանէն այսօր սփռուելիք հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեանց մէջ, Քաթարի պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձած է Ծոցի տագնապի մանրամասնութիւններուն եւ անոր քաղաքական ու զինուորական հետեւանքներուն Քաթարի եւ շրջանի երկիրներուն վրայ: Ան նաեւ անդրադարձած է Քաթարի մէջ ամերիկեան խարիսխի ճակատագիրին, Ծոցի տագնապին եւ դրացի երկիրներէն հաւանական յարձակման առնչուող հարցերու: