Գերմանական հակահետախուզութիւնը տեղեկութիւն ունի Գերմանիոյ տարածքին թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի գործունէութեան աշխուժացման մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով գերմանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ սահմանադրութեան պաշտպանութեան հարցերով դաշնակցային գերատեսչութեան ղեկավար Հանս-Կէօրկ Մաասեն:
«Մենք տեղեկութիւններ ունինք այստեղ` Գերմանիոյ մէջ թրքական համայնքին նկատմամբ Թուրքիոյ կառավարութեան ազդեցութեան մասին», ըսած է Մաասեն:
Անոր համաձայն, փորձ կը կատարուի «վախցնելու թրքական ծագումով բնակչութիւնը», որ չ՛աջակցիր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: