Աւելի քան վաթսուն ցուցարարներ ձերբակալուեցան երէկ Անգարայի մէջ, երբ անոնք կը բողոքէին պահանջելով ազատ արձակել բանտարկուած երկու ուսուցիչներ, որոնք հացադուլի դիմած էին:
Թրքական լրատուական միջոցներու համաձայն, ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազերով եւ այլ միջոցներով փորձած է արգիլել ցուցարարներու բողոքի ելոյթը եւ ձերբակալած անոնցմէ շատեր: Սակայն կարգ մը ցուցարարներ յաջողած են աւելի ուշ կրկին վերադառնալ ցոյցին վայրը: