Հակազդելով Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն. Ռուսիա Պահանջեց Նուազեցնել Ամերիկեան Դեսպանատան Անձնակազմի Թիւը Եւ Վերստանալ Իր Կալուածները
Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու քայլը երէկ շարունակեց զբաղեցնել առնչակից կողմերուն ղեկավարները: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ պատժամիջոցներու որդեգրման պարագային նախագահ Փութին համապատասխան կեցուածք պիտի ցուցաբերէ: Նմանապէս ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ բուռն կերպով քննադատեցին այս քայլը` ամերիկեան իշխանութիւններէն պահանջելով յետս կոչելու որոշումի նախագիծը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ամերիկացի իր պաշտօնակիցէն պահանջեց 455-ի նուազեցնել ամերիկեան...




















