Եգէական ծովուն մէջ` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ափերուն մօտ արձանագրուեցաւ ուժեղ երկրաշարժ մը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ հիմնական հարուածը ստացած են թրքական Պոտրում քաղաքն ու յունական Քոս կղզին:
Ամերիկեան երկրաբանական ծառայութեան տուեալներով` երկրաշարժին ուժգնութիւնը 6,7 աստիճան էր, կեդրոնը Պոտրումէն 10,3 քիլոմեթր, իսկ Քոսէն` 16,2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Առաջին ցնցումներէն ետք արձանագրուած են քանի մը յետցնցումներ, որոնցմէ ամէնէն ուժեղը` 5,1 աստիճան: «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ երկրաշարժէն ետք Քոսի մէջ արձանագրուած է փոքր ծովաշարժ: Քոսի մէջ արձանագրուած է 2 զոհ եւ 120 վիրաւոր: Յունական կղզիին վրայ քանդուած են քանի մը շինութիւններ:
Թրքական Պոտրում քաղաքին մէջ բժշկական օգնութեան համար դիմած է 70 մարդ: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ մարդիկ հիմնականին մէջ կտրուածքներ ու վէրքեր ստացած են պատուհաններէն դուրս ցատկելնուն պատճառով:
Երկրաշարժը տեղի ունեցած է գիշերը` տեղւոյն ժամանակացոյցով ժամը 1:30-ին: