Միջազգային

Թուլուզի Մէջ Վրայերթ

Թուլուզի Մէջ Վրայերթ

Երեք չինացի ուսանողներ վիրաւորուեցան, երբ Ֆրանսայի հարաւարեւելեան Թուլուզ քաղաքին մօտ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց խումբ մը ուսանողներ: Դէպքը տեղի ունեցաւ Թուլուզի Պալնիաք արուարձանին մէջ գտնուող քոլեճի մը առջեւ: Ոստիկանական աղբիւրներ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն յայտնեցին, որ դէպքը դիտաւորեալ է եւ անոր 28-ամեայ հեղինակը ձերբակալուած է: Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ ան նախապէս փոքր յանցանքներ գործած է, մասնաւորաբար թմրեցուցիչներու առնչուած: Վիրաւորները, որոնք 22 եւ...

«Կը Կարծենք, Որ Հարիրին  Ազատ Է Տեղաշարժելու»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Կը Կարծենք, Որ Հարիրին Ազատ Է Տեղաշարժելու» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան երէկ «Էօրոփ-1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի «ազատ է տեղաշարժելու»: «Ան նախագահ Մաքրոնի այցելութենէն մէկ օր առաջ Ապու Տապի գնաց, ուստի կը կարծենք, որ ազատ է տեղաշարժելու, եւ իր ընտրութեան մէջ ալ ազատ է», նշեց ան: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց. «Լիբանանեան կացութիւնը ներկայիս ամէնէն մտահոգիչ նիւթն...

Սպիտակ Տուն. «Եըլտըրըմ-Փենս  Հանդիպումը Դրական Արդիւնքներ Տուաւ»

Սպիտակ Տուն. «Եըլտըրըմ-Փենս Հանդիպումը Դրական Արդիւնքներ Տուաւ»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ իր հանդիպումին մասին: Եըլտըրըմ հանդիպումը նկատած է դրական եւ անկեղծ` շեշտելով, որ քննարկման ժամանակ խօսուած է Սուրիոյ քրտական ուժերու, Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող ամերիկաբնակ թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի եւ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան աշխատակիցներու ձերբակալութիւններու...

Ֆրանսայի Նախագահը Կ՛այցելէ Ռիատ

Ֆրանսայի Նախագահը Կ՛այցելէ Ռիատ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անակնկալ այցելութիւն կու տայ Ռիատ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եմէնի հարցերը: Մաքրոն հինգշաբթի օր կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր յայտարարեց, որ երկու ժամուան համար պիտի մեկնի Ռիատ հանդիպում ունենալու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ եւ «շեշտելու Լիբանանի կայունութեան եւ միութեան կարեւորութիւնը»: «Մաղթանքս է, որ լիբանանցի բոլոր քաղաքական պաշտօնատարները ազատօրէն ապրին Լիբանանի մէջ...ինչ որ...

Սուրիական Բանակը Յայտարարեց  Պուքամելի Ազատագրումը

Սուրիական Բանակը Յայտարարեց Պուքամելի Ազատագրումը

Սուրիոյ բանակը յայտարարեց, որ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած է Տէր Զօր նահանգի Պուքամել քաղաքը, ինչ որ «ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման ու անոր հովանաւորներուն ծրագիրի տապալումի յայտարարութիւն է»: Սուրիական բանակը նշեց, որ զինեալ ուժերը դաշնակից ուժերու հետ ազատագրած են Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին կեդրոնը` Պուքամելը, եւ յաղթանակը իրագործուած է բուռն բախումներէ ետք, որոնց ընթացքին սպաննուած են բազմաթիւ ահաբեկիչներ, ներառեալ`...

Պարզանի. «Քերքուքի Գրաւումը Տեղի Ունեցաւ  Իրանեան Ղեկավարութեամբ Եւ Ամերիկայի  Ու Բրիտանիոյ Մեղսակցութեամբ»

Պարզանի. «Քերքուքի Գրաւումը Տեղի Ունեցաւ Իրանեան Ղեկավարութեամբ Եւ Ամերիկայի Ու Բրիտանիոյ Մեղսակցութեամբ»

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարեց, որ «իրաքեան ուժերու Քերքուքին տիրելու գործողութիւնը տեղի ունեցաւ իրանեան ղեկավարութեամբ եւ Ամերիկայի ու Բրիտանիոյ մեղսակցութեամբ»` ընդգծելով, որ Իրաք Թեհրանի կամքէն կախեալ է: Պարզանի ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք վստահ ենք, որ Քերքուքի գրաւման գործողութիւնը իրանեան ղեկավարութեամբ էր եւ ամերիկացի ու բրիտանացի պաշտօնատարներու գիտակցութեամբ»` նշելով. «Քիւրտերը իրանցիներուն պիտի չդիմակայեն...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պատմութեան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ձերբակալուած Է Իշխանուհի Մը

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ձերբակալուած Է Իշխանուհի Մը

Սէուտական Արաբիոյ իշխանական բարձրագոյն օղակներուն մէջ փտածութիւնը արմատախիլ դարձնելու լայնածաւալ արշաւի ծիրին մէջ 8 նոյեմբերին երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ձերբակալուած է իշխանուհի մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապի21» կայքը` մանրամասնելով, որ խօսքը կը վերաբերի Ռիմ պընթ Ուալիտ պըն Թալալի: Օրեր առաջ փտածութեան եւ դրամներու լուացման մեղադրանքով ձերբակալուած էր իշխանուհիին հայրը` աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկը նկատուող Ուալիտ պըն...

Խըրխըզիստան Ջնջած Է Եւրասիական Տնտեսական  Միութեան Ծիրին Մէջ Տնտեսական  Համագործակցութեան Մասին  Ղազախստանի Հետ Կնքած Համաձայնագիրը

Խըրխըզիստան Ջնջած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Ծիրին Մէջ Տնտեսական Համագործակցութեան Մասին Ղազախստանի Հետ Կնքած Համաձայնագիրը

Խըրխըզիստանի խորհրդարանը երէկ երրորդ եւ վերջնական ընթերցումով որդեգրած է եւրասիական տնտեսական համարկման պայմաններուն մէջ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման մասին Ղազախստանի հետ համաձայնագիրի ջնջման մասին օրէնքի նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: Համաձայնագիրը ջնջուած է Պիշքեքի եւ Ասթանայի միջեւ դիւանագիտական գայթակղութեան լոյսին տակ, որ տեղի ունեցած է Խըրխըզիստանի մէջ հոկտեմբերին կատարուած նախագահական ընտրութիւններէն առաջ: Խըրխըզիստանի նորընտիր նախագահ Սոորանպայ Ժէենպեքով չորեքշաբթի օր...

Ռուհանի Կը Զգուշացնէ  Սէուտական Իշխանութիւնները.  «Մեր Զօրութիւնը Գիտէք, Եւ Ձեզմէ  Մեծերը Ձախողեցան Մեր Դէմ Որեւէ Բան Ընել»

Ռուհանի Կը Զգուշացնէ Սէուտական Իշխանութիւնները. «Մեր Զօրութիւնը Գիտէք, Եւ Ձեզմէ Մեծերը Ձախողեցան Մեր Դէմ Որեւէ Բան Ընել»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ իր երկրին դէմ հնչած յայտարարութիւններուն պատասխանելով ըսաւ. «Իրանի զօրութիւնն ու դիրքը գիտէք, եւ ձեզմէ աւելի մեծերը չկրցան իրանցի ժողովուրդին դէմ որեւէ բան ընել»` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն եւ անոր գործակալները իրենց բոլոր կարելիութիւններն ու ուժը ի գործ դրին, սակայն Իրանի դէմ ոչինչ կրցան ընել»: Ռուհանի իրանեան խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Շրջանի ժողովուրդներուն...

«Կը Զօրակցինք Ռիատի Ջանքերուն»  Կ՛ըսէ Նոուըրթ

«Կը Զօրակցինք Ռիատի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի փտածութեամբ ամբաստանուածները թափանցիկ ու արդար դատի ենթարկելու սէուտական կառավարութեան ջանքերուն: Նոուըրթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթըն կանխաւ տեղեակ չէր Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան կառավարութեան հետ ամերիկեան կառավարութեան յարաբերութիւնները «սերտ են ու պիտի չփոխուին»: Ան ընդգծեց. «Ուաշինկթըն կը զօրակցի այդ կառավարութեան»...

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Խորհրդարանէն  Յայտարարեց. «Ուժի Կիրարկման Ժամանակը Հասած Է»

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Խորհրդարանէն Յայտարարեց. «Ուժի Կիրարկման Ժամանակը Հասած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քննադատեց Հիւսիսային Քորէայի «վայրագ բռնատիրութիւն»-ը: Հարաւային Քորէայի խորհրդարանին մէջ երէկ իր արտասանած խօսքին մէջ ան զգուշացուց Փիոնկիանկը «իր սպառնալիքներուն դիմակայելու առումով Միացեալ Նահանգներու ու անոնց դաշնակիցներուն վճռականութիւնը թերագնահատելէ»: Թրամփ ըսաւ, որ Հիւսիսային Քորէայի վարչակարգը ամերիկեան ինքնազսպումը նկատած է տկարութեան նշան, «ինչ որ սխալ հաշիւ ընել է, որովհետեւ վարչակազմս նախկինէն տարբեր է»: «Մեզ մի՛ թերագնահատէք եւ...

Թրամփ Մէկ Տարիով Երկարաձգեց  Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Թրամփ Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ տարիով երկարաձգած է Իրանի դէմ ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները, որոնք սահմանուած են 1979-ին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Սպիտակ տունը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւնները «չեն բնականոնացած», եւ այս առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը որդեգրած է որոշում մը` «երկարաձգելու արտակարգ դրութիւնը, որ 12170 կատարողական հրամանագիրով...

«Իրանի Կողմէ Հուսիներուն Հրթիռներու  Մատակարարումը Սէուտական Արաբիոյ Դէմ  Զինուորական Ուղղակի Յարձակում  Եւ Պատերազմական Արարք Է»  Կ՛ըսէ Մոհամետ Պըն Սալման

«Իրանի Կողմէ Հուսիներուն Հրթիռներու Մատակարարումը Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Զինուորական Ուղղակի Յարձակում Եւ Պատերազմական Արարք Է» Կ՛ըսէ Մոհամետ Պըն Սալման

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը յայտարարեց. «Իրանի կողմէ Եմէնի խմբաւորումներուն հրթիռներու մատակարարումը իրանեան վարչակարգին կողմէ զինուորական ուղղակի յարձակում մըն է եւ թագաւորութեան դէմ պատերազմական արարք»: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին դատապարտած է հուսիներու կողմէ Ռիատի ուղղութեամբ թեւաւոր...

Շրջանին Մէջ Իրանի Ազդեցութեան  Վերջ Տալու Սէուտական-Ամերիկեան Համակարգում

Շրջանին Մէջ Իրանի Ազդեցութեան Վերջ Տալու Սէուտական-Ամերիկեան Համակարգում

Փենթակոնի բանբեր Ատրիան Ռանքին Կալաուէյ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն սէուտական այն յայտարարութիւնները, որոնք Եմէնի մէջ Իրանի «վատ» դերակատարութիւնը կը մատնանշեն: Կալաուէյ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա միասնաբար կը գործեն պայքարելու համար «ծայրայեղականներու» եւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը քայքայող Իրանի ազդեցութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ հետ պաշտպանական ամուր յարաբերութիւնները պահպանել: Միացեալ Նահանգներու...

Էրտողանի Փեսային Ընտանիքը Եւս Յայտնուած Է  Անդրծովային Նոր Գայթակղութեան Մէջ

Էրտողանի Փեսային Ընտանիքը Եւս Յայտնուած Է Անդրծովային Նոր Գայթակղութեան Մէջ

Լրագրողական հետաքննութիւններու միջազգային համախմբումին հրապարակած «Դրախտի թուղթեր» զեկուցումին համաձայն, Մալթայի մէջ գտնուող անդրծովային ընկերութիւններու հետ կապ ունի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փեսային` Պերաաթ Ալպայրաքի աւագ եղբայրը` Սերհաթ Ալպայրաք: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սերհաթ Ալպայրաքի անունը յայտնաբերուած է Մալթայի մէջ արձանագրուած «Ֆրոքս Ինթըրնեշընըլ» առեւտրական ընկերութեան ղեկավար կազմին մէջ: Բացի ատկէ, Ալպայրաքի հետ ընկերութեան մէջ արձանագրուած են թրքական...

Մինչ Ուաշինկթըն Հակառակը Կը Պնդէ.  Թուրքիան Պոլսոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Հիւպատոսարանի Աշխատակիցի Գործին Վերաբերեալ  Երաշխիքներ Չէ Տրամադրած Ուաշինկթընի

Մինչ Ուաշինկթըն Հակառակը Կը Պնդէ. Թուրքիան Պոլսոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հիւպատոսարանի Աշխատակիցի Գործին Վերաբերեալ Երաշխիքներ Չէ Տրամադրած Ուաշինկթընի

Թուրքիան Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի կալանաւորուած աշխատակիցին դէմ քրէական գործի կամ որեւէ այլ իրաւական հոլովոյթի վերաբերեալ ամերիկեան կողմին որեւէ երաշխիք չէ տրամադրած ու պիտի չտրամադրէ: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը: Նշենք, որ մէկ օր առաջ թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ ալ Թուրքիան յայտարարած են փոխադարձ մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման սահմանափակումին մասնակի ջնջումին...

Ըստ Իրանեան Օրաթերթի Մը.  Հուսիներու Հրթիռներուն  Յաջորդ Թիրախը Տուպայն Է

Ըստ Իրանեան Օրաթերթի Մը. Հուսիներու Հրթիռներուն Յաջորդ Թիրախը Տուպայն Է

Իրանեան «Քէյհան» օրաթերթը կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները շատ մտահոգ են Ռիատի միջազգային օդակայանին վերեւ հեռահար թեւաւոր հրթիռի մը պայթումէն: Օրաթերթը նաեւ կը գրէ. «Տուպայի եւ Ապու Տապիի շէյխերը եւս մտահոգուած են այս զարգացումով, որովհետեւ կը գիտակցին, թէ հուսիներու ղեկավար Ապտելմալեք Հուսիի սպառնալիքները շատ վտանգաւոր են, մանաւանդ որ այդ խմբաւորումը այդպիսի բազմաթիւ հրթիռներ ունի»: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պէտք է...

Ռիատի Դէմ Թեւաւոր Հրթիռի  Արձակման Հարցով.  Սէուտական Արաբիա Իրեն Կը Վերապահէ Յարմար  Պահուն Իրանին Հակադարձելու Իրաւունքը

Ռիատի Դէմ Թեւաւոր Հրթիռի Արձակման Հարցով. Սէուտական Արաբիա Իրեն Կը Վերապահէ Յարմար Պահուն Իրանին Հակադարձելու Իրաւունքը

Սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքը հուսիներու արձակած «թեւաւոր հրթիռներու» հարցով հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ «ժամանակաւորապէս» կը փակէ Եմէնի ծովային, օդային ու ցամաքային անցքերը, եւ կոչ ուղղեց Իրանը պատասխանատուութեան ենթարկելու` հուսիներուն աջակցելով միջազգային որոշումները ոտնահարելուն համար: Դաշինքը երէկ արշալոյսին հրապարակուած իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ հուսիներուն հրթիռներու մատակարարման Իրանի մեղսակցութիւնը այդ խմբաւորումը զինելը արգիլող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն բացայայտ ոտնահարում մըն է:...

Պելճիքայի Դատարանը Պայմանականօրէն  Ազատ Արձակեց Փուչտեմոնն Ու Քաթալան Նախարարները

Պելճիքայի Դատարանը Պայմանականօրէն Ազատ Արձակեց Փուչտեմոնն Ու Քաթալան Նախարարները

Պելճիքայի դատարանը ազատ արձակեց Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնը եւ քաթալոնական կառավարութեան չորս նախարարներ, սակայն այն պայմանով, որ անոնք չհեռանան Պելճիքայէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ»` յղում կատարելով Քաթալոնիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Ակուսթի Ալքապերոյին: «Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավարն ու Պելճիքայի մէջ անոր ուղեկցող նախկին խորհրդականները ազատութեան մէջ մնացած են, պայմանով, որ երկրին մէջ պիտի մնան այնքան ժամանակ, որ չէ լուծուած զանոնք Սպանիոյ...

Թուրքիոյ Վարչապետին Որդիները Յայտնուած Են  Անդրծովային Նոր Գայթակղութեան Մէջ

Թուրքիոյ Վարչապետին Որդիները Յայտնուած Են Անդրծովային Նոր Գայթակղութեան Մէջ

Հետաքննական լրագրողներու միջազգային համախմբումը 5 նոյեմբերին հրապարակած է տուեալներ յայտնի ընկերութիւններու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայ կամ նախկին ղեկավարներու անդրծովային գործունէութեան վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Դրախտի թուղթեր» անուանումը ստացած նիւթերը կը պարունակեն շուրջ 13,4 միլիոն փաստաթուղթեր, որոնց մէջ տուեալներ կան շուրջ 120 քաղաքական գործիչներու մասին, որոնց շարքին` Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի անդամներու եւ...

Page 655 of 883 1 … 654 655 656 … 883

Արխիւներ