Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանին Մէջ Իրանի Ազդեցութեան Վերջ Տալու Սէուտական-Ամերիկեան Համակարգում

November 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փենթակոնի բանբեր Ատրիան Ռանքին Կալաուէյ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն սէուտական այն յայտարարութիւնները, որոնք Եմէնի մէջ Իրանի «վատ» դերակատարութիւնը կը մատնանշեն:

Կալաուէյ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա միասնաբար կը գործեն պայքարելու համար «ծայրայեղականներու» եւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը քայքայող Իրանի ազդեցութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ հետ պաշտպանական ամուր յարաբերութիւնները պահպանել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ ներքին զարգացումներուն` «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն նշեց. «Ամբողջական վստահութիւն ունիմ Սալման թագաւորին ու գահաժառանգին վրայ: Անոնք լաւապէս գիտեն ինչ կ՛ընեն»:

Ակնարկելով ձերբակալուած սէուտցի իշխաններուն ու պաշտօնատարներուն` Թրամփ յայտնեց, որ անոնցմէ ոմանք «բիրտ վերաբերմունքի արժանացան` նկատի ունենալով, որ անցնող տարիներուն ընթացքին իրենց երկիրը «կը կթէին»:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ շէյխ Սէուտ Մոժեպ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ թագաւորութեան մէջ կատարուած ձերբակալութիւնները «պարզապէս սկիզբն են կենսական հոլովոյթի մը` արմատախիլ ընելու փտածութիւնը, ուր որ ալ գոյութիւն ունենայ»:

 

Նախորդը

Էրտողանի Փեսային Ընտանիքը Եւս Յայտնուած Է Անդրծովային Նոր Գայթակղութեան Մէջ

Յաջորդը

«Իրանի Կողմէ Հուսիներուն Հրթիռներու Մատակարարումը Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Զինուորական Ուղղակի Յարձակում Եւ Պատերազմական Արարք Է» Կ՛ըսէ Մոհամետ Պըն Սալման

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.