Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Կարծենք, Որ Հարիրին Ազատ Է Տեղաշարժելու» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Նոյեմբեր 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան երէկ «Էօրոփ-1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի «ազատ է տեղաշարժելու»:

«Ան նախագահ Մաքրոնի այցելութենէն մէկ օր առաջ Ապու Տապի գնաց, ուստի կը կարծենք, որ ազատ է տեղաշարժելու, եւ իր ընտրութեան մէջ ալ ազատ է», նշեց ան:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց. «Լիբանանեան կացութիւնը ներկայիս ամէնէն մտահոգիչ նիւթն է»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ շեշտեց. «Ֆրանսան հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն կ՛ուզէ, որ ամբողջովին կարող ըլլայ Լիբանանի մէջ իր հիմնական դերը խաղալ»:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հինգշաբթի գիշեր անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Ռիատ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եմէնի հարցերը:

Մաքրոն հինգշաբթի օր կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր յայտարարեց, որ երկու ժամուան համար պիտի մեկնի Ռիատ` հանդիպում ունենալու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ եւ «շեշտելու Լիբանանի կայունութեան ու միութեան կարեւորութիւնը»:

«Մաղթանքս է, որ լիբանանցի բոլոր քաղաքական պաշտօնատարները ազատօրէն ապրին Լիբանանի մէջ… ինչ որ կը նշանակէ շատ պահանջկոտ կեցուածք ունենալ անոնց նկատմամբ, որոնք կրնան ոեւէ ղեկավարի կեանքը վտանգել», աւելցուց ան:

Ֆրանսայի նախագահը երէկ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Եըլտըրըմ-Փենս Հանդիպումը Դրական Արդիւնքներ Տուաւ»

Յաջորդը

Թուլուզի Մէջ Վրայերթ

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?