Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի փտածութեամբ ամբաստանուածները թափանցիկ ու արդար դատի ենթարկելու սէուտական կառավարութեան ջանքերուն:
Նոուըրթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթըն կանխաւ տեղեակ չէր Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան կառավարութեան հետ ամերիկեան կառավարութեան յարաբերութիւնները «սերտ են ու պիտի չփոխուին»: Ան ընդգծեց. «Ուաշինկթըն կը զօրակցի այդ կառավարութեան» եւ Հըզպալլան կը նկատէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մերժեց մեկնաբանել «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի հաղորդած այն լուրը, թէ Եմէնի նախագահ Ապետռապպօ Մանսուր Հատին, եմէնցի նախարարներու եւ զինուորականներու հետ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տնային կալանքի տակ կը գտնուի:
Նշենք, որ եմէնեան նախագահութենէն պատասխանատու աղբիւր մը երէկ հերքեց այս լուրը:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ հուսիներու հրթիռային յարձակումները «շրջանային ազգային անվտանգութեան սպառնալիք են»:


