Միջազգային

Իր Մէկ Նախարարը Գործուղելով  Պատկան Երկիրներ.  Իրաքի Վարչապետը Կը Զգուշացնէ

Իր Մէկ Նախարարը Գործուղելով Պատկան Երկիրներ. Իրաքի Վարչապետը Կը Զգուշացնէ

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ զգուշացուց Լիբանանի, Սուրիոյ եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի կացութեան վատթարացման վտանգէն` ընդգծելով, որ շրջանը կը գահավիժի դէպի վտանգաւոր փուլ: Այս առնչութեամբ վարչապետ Ապատի Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը գործուղած է պատկան երկիրներ, յատկապէս` դէպի Սուրիա, Յորդանան եւ Իրան, կացութեան վատթարացման առաջքը առնելու մտադրութեամբ: Իրաքի Քրտական Մարզի Անկախացման Հանրաքուէն` Չեղեա՞լ Միւս կողմէ, իրաքեան կառավարութեան մէկ պատասխանատուն գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ...

Պետական Հարուա՞ծ` Զիմպապուէյի Մէջ

Պետական Հարուա՞ծ` Զիմպապուէյի Մէջ

Զիմպապուէյի մէջ նախագահ Ռոպըրթ Մոկապի իր կնոջ` Կրէյսի հետ կը գտնուին տնային կալանքի տակ: Սկզբնական տեղեկութեանց համաձայն, բանակը իր հակակշիռին տակ առած է օդակայանը եւ պետական լրատուական ու այլ պաշտօնական կառոյցներ մայրաքաղաք Հարարիի մէջ: Բանակային պատասխանատու մը յայտնած է, որ բանակը կը հետապնդէ նախագահ Մոկապիի մօտիկ անձնաւորութիւնները, որոնք պատճառ դարձան բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական տառապանքին: Նշենք, որ 90-ամեայ նախագահ Ռոպըրթ...

Սիւննիներն Ու Քիւրտերը Իրաքէն Անջատ   Նկատող Ամերիկեան Բանաձեւը  Մերժող Իրաքեան Կեցուածքներ

Ներկայացուցիչներու Տունը Եմէնի Մէջ Քաղաքայիններու Դէմ Յարձակումները Դատապարտող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը 366 թեր եւ 30 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Եմէնի մէջ քաղաքայիններու թիրախաւորումը եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ջանք թափելու` որդեգրելու յաւելեալ զոհերու արձանագրումը կանխարգիլող եւ մարդասիրական օժանդակութեանց մուտքը արտօնող միջոցառումներ: Բանաձեւին նախնական տարբերակը վերջ կու տար Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեան, սակայն վերջնական տարբերակը զանց կ՛առնէ այդ կէտը եւ...

Միացեալ Նահանգներ Սուրիայէն Պիտի Հեռանան,  Երբ Ժընեւեան Բանակցային  Հոլովոյթը Պսակուի Յաջողութեամբ

Միացեալ Նահանգներ Սուրիայէն Պիտի Հեռանան, Երբ Ժընեւեան Բանակցային Հոլովոյթը Պսակուի Յաջողութեամբ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն մտադիր չէ հեռանալ Սուրիայէն, այնքան ատեն, որ ժընեւեան բանակցային հոլովոյթը չէ պսակուած յաջողութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Փենթակոնի պաշտօնական կայքը: «Մենք չենք պատրաստուիր հիմա իսկ հեռանալու: Մենք ատիկա պիտի չընենք, այնքան ատեն որ ժընեւեան հոլովոյթը տեղէն չէ շարժած: Բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ բոլորը այնտեղ պիտի մնան եւ միեւնոյն ժամանակ...

Փուչտեմոն Չի Բացառեր Քաթալոնական  Տագնապի Լուծման Համար Սպանիայէն  Անջատուելէ Հրաժարումը

Փուչտեմոն Չի Բացառեր Քաթալոնական Տագնապի Լուծման Համար Սպանիայէն Անջատուելէ Հրաժարումը

Քաթալոնիոյ նախկին նախագահ Քարլես Փուչտեմոն հաւանական նկատած է, որ որոշակի պայմաններու պարագային կարելի է հրաժարիլ Սպանիայէն Քաթալոնիոյ անջատումէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտարարած է գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ես պատրաստ էի եւ պատրաստ եմ ճանչնալու Սպանիոյ հետ նաեւ այլ տեսակի յարաբերութիւնները», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞յ արդեօք անկախութեան պահանջներու...

«Հրանդ Տինք» Հիմնադրամը Հրապարակած Է  Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան  Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկուցումը

«Հրանդ Տինք» Հիմնադրամը Հրապարակած Է Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկուցումը

Պոլսոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը հրապարակած է թրքական մամուլին մէջ ատելութեան դրսեւորումներու մասին իր նոր զեկուցումը: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ ըստ հիմնադրամի դիտարկումներուն, վերջին ամիսներուն ազգայնական մամուլի թիրախին մէջ ամէնէն շատ յայտնուած են հրեաներն ու սուրիացի գաղթականները: Զեկուցումը կը փաստէ, որ մայիս 2017-էն մինչեւ օգոստոս 2017 երկարող ժամանակաշրջանին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած են ազգային եւ կրօնական խումբերու...

Եւրոպական Խորհրդարանի  Նախագահը «Պրեքզիթ»-ի  Պարագային Բրիտանիոյ Պարտքը  Կը Գնահատէ 60 Միլիառ Եւրօ

Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը «Պրեքզիթ»-ի Պարագային Բրիտանիոյ Պարտքը Կը Գնահատէ 60 Միլիառ Եւրօ

Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պարագային միութեան պէտք է վճարէ առնուազն 60 միլիառ եւրօ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի 13 նոյեմբերին «Ֆունքէ»-ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ: «Իմ կարծիքովս` ատիկա պիտի ըլլայ առնուազն 60 միլիառ եւրօ», ըսած է ան` նշելով, որ այն պարագային, երբ Լոնտոն մերժէ վճարել այդ գումարը, տարբերութիւնը ստիպուած...

Դամասկոս Ռուսական Ընկերութիւնները Հրաւիրած Է  Մասնակցելու Սուրիոյ  Վերականգնման Աշխատանքներուն

Դամասկոս Ռուսական Ընկերութիւնները Հրաւիրած Է Մասնակցելու Սուրիոյ Վերականգնման Աշխատանքներուն

Դամասկոս ռուսական ընկերութիւնները, ներառեալ քարիւղի եւ կազի բնագաւառներու մեծագոյն ընկերութիւնները կը հրաւիրէ մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման գործին: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ խորհրդարանին հետ Սուրիոյ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ուսամա Մուսթաֆա: «Այժմ մենք Սուրկութ հասած ենք Հանթի Մանսիյսք կատարած այցելութենէն ետք: Մեզ դիմաւորած է նահանգապետ Նաթալիա Քոմորովա. ան հիանալի մարդ է, եւ հանդիպումը հրաշալի էր: Մենք ռուսական բոլոր ընկերութիւնները կը...

Մակեդոնիոյ Մէջ Նշած Են  Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Բանակցութիւններու  Սկիզբի Ժամկէտները

Մակեդոնիոյ Մէջ Նշած Են Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Սկիզբի Ժամկէտները

Մակեդոնիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին արդէն յաջորդ տարի սկսելու իրենց երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: «Եուքրինֆորմ» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Մակեդոնիոյ վարչապետ Զորան Զայեւ: Անոր համաձայն, Մակեդոնիան եւ Յունաստանը շուտով պէտք է լուծեն նախկին եուկոսլաւական պետութեան անուան հետ կապուած վաղեմի վէճը: 21 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի միջնորդ Մեթիու Նիմեցի հետ առաջին հանդիպումը, եւ ես յոյսով եմ,...

Զինեալ Յարձակում  Քալիֆորնիա Նահանգին Մէջ

Զինեալ Յարձակում Քալիֆորնիա Նահանգին Մէջ

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Քալիֆորնիոյ նահանգին Թեհամա շրջանին մէջ արձակուած կրակոցներու պատճառով արձանագրուած են 5 զոհեր` աւելցնելով, որ զոհերուն շարքին է յարձակումին հեղինակը, իսկ երկու մանուկներ վիրաւորուած են:  

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի  Յայտարարութիւնը Չանդրադարձաւ Իրանի  Դաշնակիցներուն Սուրիայէն Հեռացման»

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յայտարարութիւնը Չանդրադարձաւ Իրանի Դաշնակիցներուն Սուրիայէն Հեռացման»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ԱՓԷՔ-ի մէջ որդեգրած փաստաթուղթը բացարձակապէս չ՛անդրադառնար Իրանի համակիր ուժերուն Սուրիոյ հարաւ- արեւմուտքէն հեռացման»: «Այդ հարցով մեկնաբանութիւնը կամ տարաձայնութիւնը բացառուած է, եւ ամէն բանէ առաջ պէտք է տեսնել փաստաթուղթին բնագիրը եւ զայն կարդալ: Այստեղ երկակի բացատրութիւնը անընդունելի է, եւ պէտք է անկեղծօրէն հիմնուիլ փաստաթուղթի բնագիրին վրայ»,...

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին.  «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները  Ամբողջութեամբ Վերականգնուեցան»  Կ՛ըսէ Փութին

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Ամբողջութեամբ Վերականգնուեցան» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները ամբողջովին վերականգնուեցան»: Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աւելցած է 36 առ հարիւրով, «եւ վերացուցինք մեր յարաբերութիւններուն զարգացումը խանգարող բոլոր արգելքները», ըսաւ ան: «Պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հարցով աշխատիլ», յայտնեց Փութին` աւելցնելով, որ...

Իրան-Իրաք Սահմանին Վրայ Երկրաշարժի  Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ

Իրան-Իրաք Սահմանին Վրայ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ

Իրան-Իրաք սահմանին վրայ կիրակի գիշեր արձանագրուած 7,3 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով Իրանի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 445-ի, իսկ վիրաւորներունը` 7100-ի: Իսկ Իրաքի մէջ արձանագրուած են 10 զոհեր եւ 535 վիրաւորներ: Հզօր երկրաշարժին պատճառով 70.000 իրանցիներ մնացած են անօթեւան: Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երկրի ներքին գործոց նախարարութեան հրահանգեց արագ միջոցներու ձեռնարկելու` երկրաշարժէն վնասուած շրջաններու բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրելու համար: Երկրաշարժի ցնցումը զգացուած...

Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը Թոիվօ  Քլաարը Նշանակած Է Հարաւային Կովկասի  Եւ Վրաստանի Մէջ Ճգնաժամի  Հարցերով Յատուկ Ներկայացուցիչ

Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը Թոիվօ Քլաարը Նշանակած Է Հարաւային Կովկասի Եւ Վրաստանի Մէջ Ճգնաժամի Հարցերով Յատուկ Ներկայացուցիչ

Եւրոպական խորհուրդը երէկ կայացած նիստին ընթացքին էսթոնացի դիւանագէտ Թոիվօ Քլաարը նշանակած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Եւրոպական Միութեան մամլոյ խորհուրդի մամլոյ ծառայութենէն: Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի հիմնական խնդիրն է օժանդակել շրջանին մէջ տագնապներու, մասնաւորաբար Վրաստանի ճգնաժամի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ խրախուսել...

Ֆիլիփեան Կղզիներուն Մէջ Բողոքի  Ցոյց Թրամփի Այցելութեան Դէմ

Ֆիլիփեան Կղզիներուն Մէջ Բողոքի Ցոյց Թրամփի Այցելութեան Դէմ

Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ ցուցարարները հրկիզած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեսքով խրտուիլակը` բողոքելու համար Թրամփի վարած քաղաքականութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Թրամփ Մանիլա հասած էր` մասնակցելու համար Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան վեհաժողովին: Ցուցարարները նախ ուզած են բողոքի ցոյց կատարել Միջազգային խորհրդաժողով-կեդրոնին մօտ, ուր տեղի կ՛ունենան վեհաժողովի գլխաւոր միջոցառումները, սակայն ոստիկանութիւնը անոնց արգելք...

Եըլտըրըմ Մեկնաբանած Է Թրամփի  Խորհրդականին Թուրքիոյ Կողմէ Կաշառք  Առաջարկուելու Մասին Լուրը

Եըլտըրըմ Մեկնաբանած Է Թրամփի Խորհրդականին Թուրքիոյ Կողմէ Կաշառք Առաջարկուելու Մասին Լուրը

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կաշառուելու եւ իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի առեւանգումը կազմակերպելու շուրջ համաձայնութիւն ունենալու մասին լուրերը: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, թէ Եըլտըրըմ շեշտած է, որ իրենք Ֆլինէն Կիւլենի արտայանձնման վերաբերեալ որեւէ երաշխիք չեն ստացած, եւ երաշխիք տուողը ոչ թէ Ֆլինը պէտք է ըլլայ,...

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէն Նշանակուեցաւ  Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախկին Նախարարը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէն Նշանակուեցաւ Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախկին Նախարարը

«ՓանԱրմինիըն» կը հաղորդէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովը 10 նոյեմբերին կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին հաստատած է Օտրի Ազուլէի թեկնածութիւնը: Ազուլէ պիտի փոխարինէ Իրինա Փոքովան: Ազուլէ Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարարն է: «Ես կը մտածեմ բոլոր անոնց մասին, որոնք կը ձգտին միասնականութեան եւ անդորրի, ինչ որ կազմակերպութեան պիտի արտօնէ լաւագոյնս կեանքի կոչել իր առաքելութիւնը», ըսած է Ազուլէ: Օտրի Ազուլէ այսպիսով կը դառնայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի...

Վենեզուելայի Մէջ Բացումը  Կատարուած Է Լենինի Կիսանդրիին

Վենեզուելայի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Լենինի Կիսանդրիին

Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ 12 նոյեմբերին հանդիսաւորապէս բացումը կատարուած է Լենինի կիսանդրիին, որ տեղադրուած է երկրի գլխաւոր ազգային հերոս Պոլիվարի անուան հրապարակին վրայ: «Քորրեսփոնտենթ» կայքը կը նշէ, թէ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան 100-ամեակի օրը` 7 նոյեմբերին, Քարաքասի մէջ տեղի ունեցած է հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին խօսք արտասանած է երկրի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն: «Մենք կ՛ըսենք Լենինին` եկէ՛ք մեզի հետ: Այս ժողովուրդը եւս քուկդ...

Սէուտական Պահանջով.  Կիրակի Օր Արաբ Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Սէուտական Պահանջով. Կիրակի Օր Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ արեւմուտքցի դիւանագէտներու, արաբ արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ կիրակի օր Սէուտական Արաբիոյ պահանջով պիտի գումարեն արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար «արաբական երկիրներուն մէջ Իրանի ոտնձգութիւնները»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան, լիկայի անդամ երկիրներուն յղած շրջաբերականին մէջ որոշուած է «կիրակի օր նախարարական մակարդակով Արաբական լիկայի խորհուրդի արտակարգ ժողով...

Քրեմլին. «Սուրիոյ Վերաբերեալ Փութինի  Եւ Թրամփի Միացեալ Հաղորդագրութեան  Երկակի Բացատրութիւնը Անպատշաճ Է»

Քրեմլին. «Սուրիոյ Վերաբերեալ Փութինի Եւ Թրամփի Միացեալ Հաղորդագրութեան Երկակի Բացատրութիւնը Անպատշաճ Է»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միացեալ հաղորդագրութեան երկակի բացատրութիւնը անպատշաճ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը: Փեսքով յայտնեց, որ միացեալ հաղորդագրութիւնը պատրաստուեցաւ փորձագէտներու մակարդակով, որմէ ետք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները զայն ենթարկեցին վերջին բարեփոխումներուն, ապա փաստաթուղթը ներկայացուեցաւ նախագահներուն: Ըստ Փեսքովի, Ուաշինկթըն փորձած է երկու...

Page 654 of 883 1 … 653 654 655 … 883

Արխիւներ