Լրագրողական հետաքննութիւններու միջազգային համախմբումին հրապարակած «Դրախտի թուղթեր» զեկուցումին համաձայն, Մալթայի մէջ գտնուող անդրծովային ընկերութիւններու հետ կապ ունի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փեսային` Պերաաթ Ալպայրաքի աւագ եղբայրը` Սերհաթ Ալպայրաք:
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սերհաթ Ալպայրաքի անունը յայտնաբերուած է Մալթայի մէջ արձանագրուած «Ֆրոքս Ինթըրնեշընըլ» առեւտրական ընկերութեան ղեկավար կազմին մէջ: Բացի ատկէ, Ալպայրաքի հետ ընկերութեան մէջ արձանագրուած են թրքական «Չալըք Հոլտինկ» ընկերութեան շարք մը պաշտօնեաներ:
Պոլսոյ մէջ հիմնուած եւ արձանագրուած «Չալըք Հոլտինկ»-ը մինչեւ 2007 թուական ղեկավարած է Սերհաթ Ալպայրաք, իսկ ատկէ ետք` Էրտողանի փեսայ Պերաաթ Ալպայրաք:
Մէկ օր առաջ նաեւ ի յայտ եկած էր, որ անդրծովային նոր գայթակղութեան մէջ յայտնուած են Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի երկու որդիներ Էքրամ եւ Պիւլենթ Եըլտըրըմները, որոնք բաւական մեծ գումարներ ներդրած են Մալթայի մէջ գտնուող անդրծովային ընկերութիւններուն մէջ:
Նշենք, որ բացայայտուած նոր տուեալներուն համաձայն, Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին 10 միլիոն փաունտ (13 միլիոն տոլար) ներդրած է անդրծովային ընկերութիւններու մէջ:
3 ապրիլին Լրագրողական հետաքննութիւններու միջազգային համախմբումը հրապարակած էր շարք մը գայթակղալից փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն որոշ միջազգային ղեկավարներու, մարզիկներու եւ մշակութային գործիչներու կապը անդրծովային գործարքներու կնքման հետ: Մասնաւորաբար նշուած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, անոր ուքրանացի գործընկեր Փիոթր Փորոշենքոյի, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի, Իսլանտայի վարչապետ Սիկմունտիւր Տեւիտ Կիւնլէյկսոնի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անունները:
Լրագրողները բացայայտած են, որ Ալիեւ այդ քայլին դիմած է` ոսկիի հանքավայրերու եւ լոնտոնեան անշարժ գոյքի մէջ իր ունեցած շահաբաժինները քողարկելու համար: