Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անակնկալ այցելութիւն կու տայ Ռիատ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եմէնի հարցերը:
Մաքրոն հինգշաբթի օր կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր յայտարարեց, որ երկու ժամուան համար պիտի մեկնի Ռիատ հանդիպում ունենալու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ եւ «շեշտելու Լիբանանի կայունութեան եւ միութեան կարեւորութիւնը»:
«Մաղթանքս է, որ լիբանանցի բոլոր քաղաքական պաշտօնատարները ազատօրէն ապրին Լիբանանի մէջ…ինչ որ կը նշանակէ շատ պահանջկոտ կեցուածք ունենալ հանդէպ անոնց, որոնք կրնան ոեւէ ղեկավարի կեանքը վտանգել», աւելցուց ան:


