Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի Կը Զգուշացնէ Սէուտական Իշխանութիւնները. «Մեր Զօրութիւնը Գիտէք, Եւ Ձեզմէ Մեծերը Ձախողեցան Մեր Դէմ Որեւէ Բան Ընել»

November 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ իր երկրին դէմ հնչած յայտարարութիւններուն պատասխանելով ըսաւ. «Իրանի զօրութիւնն ու դիրքը գիտէք, եւ ձեզմէ աւելի մեծերը չկրցան իրանցի ժողովուրդին դէմ որեւէ բան ընել»` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն եւ անոր գործակալները իրենց բոլոր կարելիութիւններն ու ուժը ի գործ դրին, սակայն Իրանի դէմ ոչինչ կրցան ընել»:

Ռուհանի իրանեան խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Շրջանի ժողովուրդներուն նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ թշնամանքը ատոր նպատակին ու Ռիատի համար շահին շուրջ հարցականներ կը ստեղծէ»: «Արդեօք եմէնցի ժողովուրդը ռմբակոծելը եւ սննդեղէնի ու դեղորայքի պատժամիջոցներ հաստատելը իսլամական վարմո՞ւնք է», հարց տուաւ Ռուհանի:

Ան խօսքը սէուտցի ղեկավարներուն ուղղելով հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ թշնամանք ունիք սուրիացի ու իրաքցի ժողովուրդներուն նկատմամբ եւ ՏԱՀԵՇ-ը զօրացուցիք ու անոր շրջանի ժողովուրդներուն կեանքը վտանգելու իշխանութիւն տուիք»:

Ռուհանի ըսաւ, որ Իրանի փոխարէն Իսրայէլի հետ բարեկամութիւն մշակելը «ռազմավարական սխալ» է` աւելցնելով, թէ իր երկիրը կը պարծենայ, որ շրջանին մէջ ձախողութեան մատնած է ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը:

Ան յոյս յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիոյ նոր իշխանութիւնները հրաժարին շրջանի ժողովուրդներուն նկատմամբ թշնամանքէն եւ ընտրեն բարեկամութեան ուղին»:

Իրանի նախագահը շեշտեց, որ շրջանին մէջ Իրանի ուղին «կայունութեան ամրապնդումն է», եւ Թեհրանի համար «շիիները, սիւննիներն ու բոլոր ազգերը եղբայրներ են»:

«Սէուտական Յայտարարութիւնները Գրգռիչ Են Ու Կը Հակասեն ՄԱԿ-ի Ուխտին»

Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Դեսպանը

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ղուլամ Ալի Խոշրօ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղեց խիստ ոճի նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Եմէնի մէջ հուսիներուն հրթիռներու մատակարարման վերաբերեալ Իրանի հասցէին ուղղուած սէուտական ամբաստանութիւնները անհիմն են:

«Սէուտական յայտարարութիւնները գրգռիչ են եւ կը հակասեն ՄԱԿ-ի ուխտին», ըսաւ ան` շեշտելով. «Սէուտցի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն նպատակը հասարակական կարծիքը ապակողմնորոշելն է եւ Եմէնի մէջ սէուտական յարձակումէն անոր ուշադրութիւնը շեղելը»:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը յայտնեց, որ սէուտական կառավարութիւնը պարտաւորուած է յարգելու միջազգային օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի ուխտը, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն ուժի կիրարկումով սպառնալէ հրաժարելու:

«Ցամաքային, ծովային ու օդային անցքերը փակելու սէուտական վերջին միջոցառումները պիտի վատթարացնեն Եմէնի մէջ մարդասիրական աղէտը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միջազգային ընտանիքը Սէուտական Արաբիան պատասխանատու պէտք է նկատէ Եմէնի մէջ իր գործած բոլոր ոճիրներուն»:

Խոշրօ իր նամակին մէջ յայտնեց, որ Սէուտական կառավարութիւնը, «եմէնցի ժողովուրդին դէմ Սէուտական Արաբիոյ կատարած 2,5 ամեայ հաւաքական սպանդէն ետք, պէտք է գիտակցի, որ եմէնեան տագնապը կարելի չէ լուծել զինուորական ուժի ճամբով»` աւելցնելով. «Այս տագնապին լուծումը կը կայանայ միայն քաղաքական լուծումներու եւ միջեմէնեան երկխօսութեան մթնոլորտի պատրաստութեան մէջ»:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Իրանի կողմէ հուսիներուն հրթիռներու մատակարարումը Սէուտական Արաբիոյ դէմ զինուորական ուղղակի յարձակում եւ պատերազմական արարք է»:

 

Նախորդը

«Կը Զօրակցինք Ռիատի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Յաջորդը

Ռիչըրտ Բանակին 42,9 Միլիոն Տոլարի Փոխանցում Կը Կատարէ` Շեշտելով Լիբանանի Կայունութեան Նկատմամբ Ուաշինկթընի Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.