Միջազգային

Իսրայէլ Սկսած Է Իր Օդուժի  Մեծագոյն Ռազմափորձերուն

Իսրայէլ Սկսած Է Իր Օդուժի Մեծագոյն Ռազմափորձերուն

Իսրայէլ սկսած է իր օդուժի մեծագոյն ռազմափորձերուն` Հնդկաստանի եւ եօթը այլ երկիրներու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իսրայէլ»: «Կապոյտ դրօշ» անունը ստացած ռազմափորձերը սկիզբ առած են կիրակի օր` Իսրայէլի օդուժի «Ուվտա» ռազմակայանին մէջ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Հնդկաստան առաջին անգամ ըլլալով իր «Սի-130Ճէյ» օդանաւով կը մասնակցի 11 օր տեւելիք ռազմափորձին: Այլ երկիրներ ուղարկած են կործանիչներ, փոխադրական եւ վառելանիւթ...

Թուրք Պաշտօնատար Մը  Կը Սպառնայ Փայլանի

Թուրք Պաշտօնատար Մը Կը Սպառնայ Փայլանի

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ վէճ ունեցած է Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իլհամ Երլիքայայի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր Թիւրք» օրաթերթը: Փայլան ուշադրութեան հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ խորհուրդը իբրեւ դէտ ընդունած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն 4, մնացեալ կուսակցութիւններէն երկուքական երեսփոխաններ, մինչդեռ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն...

«Աթամպայեւ Կրնայ Քանդել Եւրասիական  Տնտեսական Միութիւնը. Ասթանայի Եւ Պիշքեքի  Միջեւ Առեւտրական Պատերազմ Կը Հասուննայ»  Կը Գրէ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»

«Աթամպայեւ Կրնայ Քանդել Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը. Ասթանայի Եւ Պիշքեքի Միջեւ Առեւտրական Պատերազմ Կը Հասուննայ» Կը Գրէ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»

Խըրխըզիստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ մեկնած է կարճատեւ արձակուրդի` մինչեւ 2040 թուական կայուն զարգացման ազգային ռազմավարութիւնը մշակելու համար: Այնուամենայնիւ, Աթամպայեւի աշխատանքային դադարին իսկական պատճառը Ղազախստանի հետ սահմանին գոյութիւն ունեցող խնդիրներն են, որոնք չեն լուծուիր, ինչպէս նաեւ Տալասի մէջ սրուած իրավիճակը, ուր անցեալ կիրակի օր բողոքի հերթական հաւաքը կայացած է: Փորձագէտներու կարծիքով` այս իրադարձութիւնները յղի են ներքաղաքական իրավիճակի...

Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա  Եւ Աւստրալիա Ծովուժերու  Միացեալ Ռազմափորձի Սկսած Են

Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա Եւ Աւստրալիա Ծովուժերու Միացեալ Ռազմափորձի Սկսած Են

Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա եւ Աւստրալիա երէկ ծովուժերու միացեալ ռազմափորձի սկսած են հարաւային քորէական Չէյճուտօ կղզիին մօտ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սէուլ այցելութեան նախօրեակին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է հարաւային քորէական ծովուժի հրամանատարութիւնը: Եռօրեայ ռազմափորձերուն կը մասնակցին չորս նաւեր` կառավարուող թրթիռներով եւ «Իճիս» ռատարի համակարգով «Սեճոն» հարաւային քորէական մարտանաւը, ամերիկեան «Չաֆի» մարտանաւը, ինչպէս նաեւ աւստրալիական...

Զինեալ Յարձակում` Թեքսասի Սաութըրլենտ  Քաղաքի Եկեղեցիներէն Մէկուն Մէջ

Զինեալ Յարձակում` Թեքսասի Սաութըրլենտ Քաղաքի Եկեղեցիներէն Մէկուն Մէջ

Երէկ ուշ երեկոյեան ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ ամերիկեան Թեքսաս նահանգի Սաութըրլենտ քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է զինեալ յարձակում մը, որուն պատճառով արձանագրուած են տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Մինչեւ թերթին լոյս ընծայումը զոհերու թիւին մասին տեղեկութիւնները յստակ չէին:

Քաթալոնիոյ Պաշտօնազրկուած  Նախագահն Ու Նախարարներ Կը Յանձնուին  Պելճիքական Ոստիկանութեան

Քաթալոնիոյ Պաշտօնազրկուած Նախագահն Ու Նախարարներ Կը Յանձնուին Պելճիքական Ոստիկանութեան

Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած նախագահ Քարլես Փուչտեմոն եւ չորս նախկին նախարարներ անձնատուր եղան պելճիքական ոստիկանութեան: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ դատախազի մը բանբերը յայտնած է, թէ հետաքննիչ դատաւորը այսօր առաւօտեան պիտի որոշէ ուրբաթ օր սպանացի դատաւորի մը կողմէ հրապարակուած ձերբակալման եւրոպական գիրի գործադրութեան հարցը: Եթէ դատաւորը որոշէ ընդառաջել սպանական դիմումին եւ զանոնք կալանաւորէ, Պելճիքա մինչեւ 60 օր պէտք է Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավարները արտայանձնէ...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Բազմաթիւ  Անձնաւորութիւններ, Ներառեալ  11 Իշխաններ Ձերբակալուեցան

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Բազմաթիւ Անձնաւորութիւններ, Ներառեալ 11 Իշխաններ Ձերբակալուեցան

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին գլխաւորած փտածութեան դէմ պայքարի նոր մարմինը ձերբակալեց սէուտցի 11 իշխաններ, չորս պաշտօնավարող նախարարներ եւ տասնեակներով նախկին նախարարներ: Ձերբակալեալներու շարքին է «Թուիթըր»-ի եւ «Ափըլ»-ի նման շարք մը ընկերութիւններու մէջ ներդրումներ կատարած Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ շէյխ Սէուտ Մոժեպ յայտնած է, որ ձերբակալեալներուն դիրքը արգելք...

Սէուտական Արաբիա Վար Առած Է  Եմէնէն Արձակուած Թեւաւոր Հրթիռ Մը

Սէուտական Արաբիա Վար Առած Է Եմէնէն Արձակուած Թեւաւոր Հրթիռ Մը

Սէուտական Արաբիան մայրաքաղաք Ռիատի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ վար առած է Եմէնի կողմէ արձակուած թեւաւոր հրթիռ մը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն»-ը` յղում կատարելով սէուտական լրատուամիջոցներուն: Աղբիւրը կը նշէ, որ միջադէպին պատճառով զոհ չկայ: Հրթիռը վնասազերծուած է Ռիատի միջազգային օդակայանին մօտ` չխանգարելով ատոր բնականոն աշխատանքը: Թեւաւոր հրթիռին արձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնած են Եմէնի հուսի զինեալները` ընդգծելով, որ իրենք թիրախ դարձուցած...

«Ռուսիա Յետաձգած Է Միջսուրիական  Երկխօսութեան Համագումարը»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Ռուսիա Յետաձգած Է Միջսուրիական Երկխօսութեան Համագումարը» Կ՛ըսէ Քալըն

Ռուսիա Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններէն ետք որոշած է յետաձգել 18 նոյեմբերին նախատեսուած Սուրիական ազգային երկխօսութեան համագումարը: «Հապեր թուրք» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: Ըստ անոր, Թուրքիան իր առարկութիւնները յայտնած է, ապա Քրեմլին կապուած է Անգարայի հետ եւ յայտարարած այդ հանդիպումը յետաձգելու մասին: «Ռուսիոյ հետ մեր հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին: Մեր նախագահը նոյնպէս կը շարունակէ քննարկել...

Ըստ «Նաշրա»-ի.  Աֆրինի Հալէպէն Մեկուսացումը  Պիտի Դիւրացնէ Հալէպ Քաղաքի  Հետագայ Անկումը

Ըստ «Նաշրա»-ի. Աֆրինի Հալէպէն Մեկուսացումը Պիտի Դիւրացնէ Հալէպ Քաղաքի Հետագայ Անկումը

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը կը հաղորդէ, որ սուրիական աղբիւրներ հաղորդած են, թէ թրքական կառավարութիւնը ամբողջացուցած է Սուրիոյ մէջ իր ծրագրած 8 ռազմակայաններէն առաջինին հաստատումն ու նորոգումը` աւելցնելով, որ այդ ռազմակայանը կը գտնուի Աֆրինի սահմանակից Տարա Իզաթ քաղաքին մօտ գտնուող Շէյխ Պարաքաթ լերան գագաթին: Աղբիւրները շեշտած են. «Թուրքիան շատ լաւ գիտէ, որ Աֆրինը Հալէպէն մեկուսացնելը պիտի դիւրացնէ ամբողջ Հալէպ քաղաքի հետագայ անկումը,...

«Սուրիական Հողերու Վրայ Թրքական  Ներկայութիւնը Բռնագրաւում Է  Եւ Կը Հակասէ Ասթանայի Խորհրդաժողովին»  Կ՛ըսէ Մըքտատ

«Սուրիական Հողերու Վրայ Թրքական Ներկայութիւնը Բռնագրաւում Է Եւ Կը Հակասէ Ասթանայի Խորհրդաժողովին» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Դամասկոսի համար սուրիական հողերուն վրայ թրքական ներկայութիւնը «ապօրինի է, բռնագրաւում է, անընդունելի է եւ կը հակասէ Ասթանայի խորհրդաժողովի նպատակներուն»: «Բոլոր բարեկամ կողմերը, ներառեալ ռուսական եւ իրանեան կողմերը «Ասթանա-6»-ին գոյացած համաձայնութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը շեշտեցին», ըսաւ ան: Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշեց, որ Դամասկոս ողջունած է Սոչիի մէջ միջսուրիական խորհրդաժողով կատարելու ռուսական հրաւէրը,...

Ֆրանսա Հաւանութիւն Տուած Է Նոր Քալիտոնիոյ  Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէին

Ֆրանսա Հաւանութիւն Տուած Է Նոր Քալիտոնիոյ Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէին

Ֆրանսայի իշխանութիւնները քաղաքական համաձայնութիւն գոյացուցած են 2018-ին Նոր Քալիտոնիոյ ինքնորոշման հարցով հանրաքուէին շուրջ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ` «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանէն: Անկախութեան մասին հանրաքուէի կայացումը կը նախատեսուէր 1998-ին ստորագրուած Խաղաղական ովկիանոսին մէջ արշիպեղաքոսի հետեւողական ապագաղութացման մասին համաձայնագիրով: Հանրաքուէի յստակ թուականը տակաւին չէ որոշուած, սակայն անիկա պէտք է կայանայ նոյեմբեր 2018-էն ոչ ուշ: Նոր Քալիտոնիան Ֆրանսայի յատուկ վարչատարածքային...

Թիլըրսըն Քոնկրեսէն Խնդրած Է Արտօնել  Առանց Սահմանափակումներու  Զինուորական Ուժի Կիրարկումը

Թիլըրսըն Քոնկրեսէն Խնդրած Է Արտօնել Առանց Սահմանափակումներու Զինուորական Ուժի Կիրարկումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Քոնկրեսին կոչ ուղղած է` երկրի նախագահին ահաբեկիչներուն դէմ առանց ժամկէտներու եւ հաւանական հարուածի շրջանի յստակացման ուժ կիրարկելու իրաւունք տալու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»: «Այժմ նախագահի վարչակազմին անհրաժեշտ է ստանալ սահմանները չյարգող թշնամիին դէմ զինուորական ուժի կիրարկման արտօնութիւն», ըսած է Թիլըրսըն` Ծերակոյտին մէջ զինուորական ուժի կիրարկման նոր արտօնութեան լսումներու ժամանակ: Ան նոյն ատեն...

Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները  Ամբողջութեամբ Ազատագրած Են Տէր Զօրը

Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Ամբողջութեամբ Ազատագրած Են Տէր Զօրը

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները Տէր Զօրը ամբողջութեամբ առած են իրենց վերահսկողութեան տակ: Դիտարանը կը նշէ, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ռուսական օդուժին օժանդակութեամբ կրցած են «ռազմավարական յառաջխաղացք» մը արձանագրել` ամբողջութեամբ ազատագրելով Տէր Զօր քաղաքը, որ յուլիս 2014-ին դուրս եկած էր սուրիական բանակի վերահսկողութենէն: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանն ու միջազգային լրատուամիջոցներ հաստատեցին լուրը:

Իսրայէլեան Բանակը Կ՛աջակցի Հատարի Դէմ  Ժապհաթ Նուսրայի Յարձակումին

Իսրայէլեան Բանակը Կ՛աջակցի Հատարի Դէմ Ժապհաթ Նուսրայի Յարձակումին

Ժապհաթ Նուսրայի անդամներէն մէկը երէկ առաւօտեան Սուրիոյ Քնէյթրա քաղաքի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հատար գիւղին մօտ գործեց ականուած կառքով յարձակում մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 9 զոհեր եւ 23 վիրաւորներ: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի անդամ զինեալներ նոյն օրը իսրայէլեան բանակին աջակցութեամբ փորձած են գրաւել Հատար գիւղին մէջ կարգ մը...

Ալիեւ. «Փութինի Հետ  Անլոյծ Հարցեր Չեն Մնացած»

Ալիեւ. «Փութինի Հետ Անլոյծ Հարցեր Չեն Մնացած»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ իրենց միջեւ լուծում չստացած որեւէ հարց չէ մնացած: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ, երկկողմանի յանձնախումբի համանախագահ Իլիաս Ումախանովի եւ Տաղստանի հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Խիզրի Շիխսայիտովի հետ հանդիպումի ընթացքին: «Երէկ երեկոյեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր...

Սպանական Դատարանը Կը Հրամայէ  Կալանաւորել Քաթալոնիոյ 8 Նախարարներ

Սպանական Դատարանը Կը Հրամայէ Կալանաւորել Քաթալոնիոյ 8 Նախարարներ

Սպանական դատարան մը հրամայեց կալանաւորել Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած ութ նախարարներ: Դատախազներ դատաւորէն պահանջած էին կալանաւորել քաթալոնական կառավարութեան 8 անդամները, որոնք Մատրիտի մէջ դատարան ներկայացած էին հարցաքննութեան համար: Անոնք կ՛ամբաստանուին ըմբոստութեան, խռովարարութեան եւ պետական ֆոնտերու չարաշահումի յանցանքներով: Սպանիոյ պետական դատախազը Քաթալոնիոյ նախագահ Քարլես Փուչտեմոնի եւրոպական ձերբակալման գիր մը պահանջեց: Ան նոյնպիսի պահանջ մը ներկայացուց նաեւ չորս քաթալան նախարարներու համար, որոնք դատարան չէին...

«Ժընեւի Բանակցութիւնները Սուրիական Հարց Են.  Ո՛չ Ռիատը, Ո՛չ Ալ Ուրիշը  Անոնց Ընթացքին Բան Կ՛որոշէ»  Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Իտլիպի Մէջ Թրքական Զինեալ Ուժերու Ներկայութիւնը Բռնագրաւում Է» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգին մէջ թրքական զինեալ ուժերու ներկայութիւնը կոչած է բռնագրաւում եւ ոտնձգութիւն Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: Ժաաֆարի նշած է, որ այդպիսի քայլով Թուրքիան կը խախտէ Ասթանայի մէջ բանակցութիւններու մասնակից եւ Սուրիոյ անվտանգութեան գօտիներու հրադադարի երաշխաւոր երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները: «Ասիկա յարձակում է,...

Թեհրանի Մէջ Ռուսիա-Իրան- Ազրպէյճան Եռակողմանի Հանդիպում

Թեհրանի Մէջ Ռուսիա-Իրան- Ազրպէյճան Եռակողմանի Հանդիպում

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Նախքան այդ, Փութին հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահը երէկ Թեհրան այցելեց` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններուն, սուրիական տագնապին եւ շրջանային թղթածրարներուն վերաբերող հարցեր: Ռուհանի Փութինի հետ իր հանդիպումի ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ կայունութեան հաստատման համար...

Սպանիոյ Գերագոյն Դատարանը Քաթալոնիոյ  Ղեկավարին Կ՛ուղղէ Կոչնագիր Մը

Սպանիոյ Գերագոյն Դատարանը Քաթալոնիոյ Ղեկավարին Կ՛ուղղէ Կոչնագիր Մը

Սպանիոյ գերագոյն դատարանը Քաթալոնիոյ նախագահ Քարլես Փուչտեմոնին ու անոր լուծարուած նախարարաց խորհուրդի 13 անդամներուն այս շաբաթ դատարան ներկայանալու կոչնագիր մը յղեց: Դատարանը նաեւ անոնց երեք օրուան պայմանաժամ տուաւ փոխանցելու 6,2 միլիոն եւրոյի գումար մը հաւանական ծախսերու համար: Սպանիոյ ընդհանուր դատախազ Խոզէ Մանուէլ Մազա քաթալան ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր ներկայանալու դատարան, որովհետեւ անոնց դէմ ներկայացուած են ըմբոստութեան, խռովարարութեան...

Page 656 of 883 1 … 655 656 657 … 883

Արխիւներ