Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Եըլտըրըմ-Փենս Հանդիպումը Դրական Արդիւնքներ Տուաւ»

November 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ իր հանդիպումին մասին:

Եըլտըրըմ հանդիպումը նկատած է դրական եւ անկեղծ` շեշտելով, որ քննարկման ժամանակ խօսուած է Սուրիոյ քրտական ուժերու, Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող ամերիկաբնակ թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի եւ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան աշխատակիցներու ձերբակալութիւններու մասին:

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Թուրքիոյ վարչապետը նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն զէնքի մատակարարման մասին իրենց յայտնած մտահոգութենէն ետք Փենս խոստացած է առաւել ուշադիր վերահսկել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծրագիրի ծիրին մէջ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մատակարարուող զէնքը:

«Կիւլենի հարցին մէջ շեշտուեցաւ, որ այլեւս ժամանակն է յստակ քայլերու ձեռնարկելու, մենք նշեցինք, որ գոնէ անոր գործունէութիւնը պէտք է սահմանափակեն երկրին մէջ», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ իր կարգին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Փենս մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի քաղաքացիներու ձերբակալման առնչութեամբ:

«Փոխնախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու, Թուրքիոյ մէջ մեր դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակազմի անդամներու, լրագրողներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ, որոնք տեղի կ՛ունենան արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ: Փոխնախագահը յորդորած է նաեւ ապահովել թափանցիկ եւ արդար հոլովոյթ վերոնշեալ դէպքերու քննութեան համար», յայտնած է Նոուըրթ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յատկապէս շեշտած է, որ Փենս խիստ մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն դէմ յարուցուած քրէական գործերով:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին միջեւ հանդիպումը «տեղի ունեցաւ դրական մթնոլորտի մէջ եւ լաւ արդիւնքներ տուաւ»:

Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ մէկ ժամ քսան վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ հասարակաց հետաքրքրութեան նիւթ եղող շարք մը շրջանային ու միջազգային հարցեր:

Քննարկուած է նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն` նախ եւ առաջ ՏԱՀԵՇ-ի, Կիւլենի, ՔԱԿ-ի եւ Սուրիոյ մէջ անոր թեւին դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան հարցը:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Բնակարանային Ծրագիրի Պաշտօնական Մեկնարկ Եւ 600 Ինքնաշարժ Պարփակող Կառատան Բացում

Յաջորդը

«Կը Կարծենք, Որ Հարիրին Ազատ Է Տեղաշարժելու» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.