Թուրքիան Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի կալանաւորուած աշխատակիցին դէմ քրէական գործի կամ որեւէ այլ իրաւական հոլովոյթի վերաբերեալ ամերիկեան կողմին որեւէ երաշխիք չէ տրամադրած ու պիտի չտրամադրէ: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ ալ Թուրքիան յայտարարած են փոխադարձ մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման սահմանափակումին մասնակի ջնջումին մասին:
«Թուրքիան իրաւական պետութիւն է, եւ մեր իշխանութիւնները չեն կրնար որեւէ երաշխիք տրամադրել իրաւական այնպիսի հոլովոյթներու վերաբերեալ, որոնք տակաւին կը գտնուին ընթացքի մէջ», նշուած է թրքական դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, թրքական կողմը շեշտած է, որ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան ձերբակալուած աշխատակիցները յայտնուած են թուրք իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնը ոչ թէ իրենց դիւանագիտական առաքելութեան կատարման ծիրին մէջ, այլ այն պատճառով, որ իրենց ներկայացուած են շատ լուրջ մեղադրանքներ: Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ տուեալ անձերը, դուրս գալով իրենց դիւանագիտական առաքելութեան սահմաններէն, Թուրքիոյ մէջ յանցանք գործած են:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր հիւպատոսական աշխատակիցին ձերբակալութենէն ետք եւ ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու քայլերուն, յայտարարած էին այցեգիրերու տրամադրումը դադրեցնելու մասին:
Ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակից Մեթին Թոփուզ ձերբակալուած էր Պոլսոյ մէջ` անցեալ տարի տապալուած յեղաշրջման փորձին համար մեղադրուող Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ կառավարութենէն ստացած է բարձր մակարդակի երաշխիքներ, որ այդ երկրին մէջ գործող ամերիկեան առաքելութիւններու ոչ մէկ աշխատակից իր պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին պիտի ձերբակալուի կամ կալանաւորուի:
«Թուրքիոյ իշխանութիւնները երաշխաւորած են, որ պիտի տեղեկացնեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, եթէ մտադրութիւն ունենան ապագային տեղւոյն մեր աշխատակիցներու շարքին ձերբակալութիւն կամ կալանաւորում կատարել», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներէն յայտնած են, որ հաշուի առնելով այս նախնական երաշխիքները` արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կարծէ, որ անվտանգութեան կացութիւնը բարելաւուած է այն աստիճան, որ կարելի դարձած է Թուրքիոյ մէջ մուտքի արտօնագիրի ծառայութիւններու վերականգնումը:
«Մենք կը շարունակենք լուրջ մտահոգութիւններ ունենալ Թուրքիոյ մէջ մեր առաքելութեան ձերբակալուած աշխատակիցներուն դէմ յարուցուած գործերուն առնչութեամբ: Մենք մտահոգուած ենք նաեւ քրէական այն գործերով, որոնք կան Թուրքիոյ մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ ձերբակալուած մեր աշխատակիցներուն նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձեր պիտի շարունակեն համագործակցիլ թուրք գործընկերներու հետ այս հարցերուն գոհացնող լուծումներ գտնելու համար», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: