Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնած է իր թուրք գործընկերոջ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ շնորհաւորած անոր ծննդեան 64-րդ տարեդարձը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վստահութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացման շարունակականութեան» վերաբերեալ:
Յայտնի է նաեւ, որ զրոյցի ընթացքին Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնած է Ալիեւին այսպէս կոչուած «Խոջալուի կոտորածներ»-ու յիշատակին առիթով:



