Չեխիան պատրաստ է Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու քաղաքական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի արտայանձնման շուրջ բանակցելու Թուրքիոյ հետ: «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայէլա Լակրոնովա:
Աղբիւրը կը նշէ, թէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը արդէն ձեւակերպած է Մուսլիմի արտայանձնման պահանջը եւ զայն ուղարկած չեխական կողմին:
Քիւրտ ղեկավարը Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ձերբակալուած էր շաբաթ օր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, մեկնաբանելով Մուսլիմի ձերբակալութիւնը, յոյս յայտնած էր, որ Չեխիան կարելի եղածին չափ շուտ կ՛արտայանձնէ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավարը:
«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավարը ձերբակալուած է: Աստուած տայ` Չեխիան մօտիկ ապագային արտայանձնէ զինք, եւ արդարութիւնը իր տեղը գտնէ», ըսած է Էրտողան:
Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը Սալեհ Մուսլիմի ձերբակալութեան վերաբերեալ որոշում ստորագրած էր 17 փետրուար 2016-ին ականուած ինքնաշարժի պայթումէն ետք:
Չեխիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նաժտաթ Պիկալի յայտնեց, որ չեխական դատարանը Մուսլիմի երէկ նախատեսուած դատավարութիւնը յետաձգած է այսօրուան: