Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ տարիներուն պէտք է կեդրոնանան ոչ թէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, այլ ռազմավարական համագործակցութեան վրայ, այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան:
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ եւրոպացի պաշտօնատարը նշած է, թէ գերմանական օրաթերթի թուրք լրագրող Տենիզ Եուճելի ազատ արձակման փաստը որեւէ ձեւով չի փոխեր Թուրքիոյ` իբրեւ իրաւական պետութեան ընդհանուր մտահոգիչ պատկերը:
«Այդ երկրին մէջ հազարաւոր մարդիկ տակաւին բանտարկուած են` չունենալով նոյնիսկ մեղադրական վճիռ: Մենք չենք կրնար անտեսել այս լուրջ թերութիւնները», ըսած է Հան` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները մինչեւ օրս մեծ ազդեցութիւն ունին արդարադատութեան համակարգին վրայ:
Ըստ անոր, ռազմավարական համագործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն չյառաջացնող նոր նպատակներ ձեւաւորել, եւ ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ ալ Թուրքիոյ համար:



