Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Ռմբակոծէ Զիարա Սահմանային Անցքը

February 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Աֆրինի բոլոր ճակատներուն վրայ բախումները շարունակուեցան: Թրքական բանակը ռմբակոծեց Թել Ռիֆաաթ, Շէյխ Իսա, Զիարա, Պասութա, Պասուֆան շրջանները: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նշեալ ռմբակոծումը Աֆրինը պաշարելով խեղդամահ ընելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքին գործադրութեան սկիզբն է:

Թրքական ռմբակոծումին նպատակը Նապլ ու Զահրա շրջանն ու Զիարա անցակէտը, այլ խօսքով` սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանն ու Աֆրինի շրջանը իրարու կապող կենսական գիծը կտրելն է, ինչ որ Աֆրինի մէջ կրնայ մարդասիրական աղէտ ստեղծել:

Թրքական բանակը աշխուժացուցած է Ժանտիրս գիւղին դէմ իր յարձակումը` զայն գրաւելէ ետք Աֆրին ուղղուելու նպատակով:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը երէկ հաղորդեց. «Ըստ մեր տեղեկութեան, Աֆրինի մէջ սուրիական կառավարութեան եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի»: Նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ կառավարամէտ ուժերը փոխադրող 40-50 մեքենաներ փորձած են մուտք գործել Աֆրին, սակայն թրքական հրետանին անոնց արգելք հանդիսացած է:

«Առնչակից մարմինները, ներառեալ գաղտնի սպասարկութիւնը բացառութիւն կատարելով Դամասկոսի հետ ուղղակի եւ անուղղակի հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան», նշեց նախագահութիւնը` վերահաստատելով իր այն սպառնալիքը, թէ «Սուրիոյ կառավարութեան կամ այլ տարրերու Աֆրինի մէջ քայլերը պիտի ունենան ծանր հետեւանքներ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Մոսկուա Դամասկոսին կոչ կ՛ուղղէ քիւրտերուն հետ Աֆրինի կացութեան շուրջ երկխօսութիւն կատարելու»:

«Արտաքին բոլոր դերակատարները պէտք է Սուրիոյ միութեան պահպանման համար Դամասկոսի հետ երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութեան գիտակցին», ըսաւ Լաւրով:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Ռուսիան Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Միջամտեց, Սակայն Արդիւնքներուն Վրայ Չազդեց»

Յաջորդը

ՄԱԿ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Աֆրինի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.