Ռուսիան դէմ է Միացեալ Նահանգներու եւ անոր աջակիցներու առաջարկած բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Իրանը ենթադրաբար զէնքերու արտածման արգելքը խախտելու եւ Եմէնի հութիներուն զէնք մատակարարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մենք ընդհանրապէս չենք սիրեր դատապարտումներ», յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիան` աւելցնելով. «Բանաձեւը Եմէնի մասին է, սակայն ոչ Իրանի»:
Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը քուէարկութեան դնէ վերոնշեալ բանաձեւը:
Միացեալ Նահանգներ շաբաթներ շարունակ լոպիիստական գործունէութիւն կը ծաւալէ տուեալ հարցով: Անցեալ ամիս ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբը հաստատեց Միացեալ Նահանգներու այն մեղադրանքները, թէ թեւաւոր հրթիռները, որոնց միջոցով անցեալ տարի հութիները կը հրթիռակոծէին Սէուտական Արաբիան, արտադրուած են Իրանի մէջ:
Իրան թէեւ աջակցութիւն կը յայտնէ հութիներուն, սակայն կը հերքէ անոնց զէնք մատակարարելու մասին պնդումները:



