Միջազգային

Սպիտակ Տուն. «Ռուսիան Ամերիկեան  Ընտրութիւններուն Միջամտեց,  Սակայն Արդիւնքներուն Վրայ Չազդեց»

Սպիտակ Տուն. «Ռուսիան Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Միջամտեց, Սակայն Արդիւնքներուն Վրայ Չազդեց»

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց. «2016-ի ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութիւնը յստակ ու պարզ էր»: «Յստակ է, թէ այդ միջամտութիւնը չազդեց ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ, ինչպէս նաեւ հաստատ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրական գրասենեակին ու Ռուսիոյ միջեւ մեղսակցութիւն գոյութիւն չունի», ըսաւ Սանտըրզ` նշելով. «Թրամփ այդ մէկը բազմիցս հաստատեց»: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ամերիկեան ընտրութիւններուն ռուսական ենթադրեալ...

«Այո՛, Կ՛ուզենք Կայսրութիւն  Ստեղծել»  Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

«Այո՛, Կ՛ուզենք Կայսրութիւն Ստեղծել» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

Իրանի Մշակութային յեղափոխութեան բարձրագոյն խորհուրդի անդամ Հասան Ռահիմփուր Ազղատի պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ «Իրաքի մէջ մերիններն էին, որոնք Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը կախեցին եւ ոչ թէ ամերիկացիները»` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզէին զինք պահել, սակայն Իսլամական յեղափոխութեան ուժերը Սատտամը մահապատիժի ենթարկեցին»: Իրանցի պաշտօնատարը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու բարեկամ երկիրներու միջամտութիւններուն կը հակադարձէ այդ երկիրներուն մէջ...

«Եւրոպական Միութիւնը Պատասխան Միջոցներու Պիտի Ձեռնարկէ, Եթէ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցները Վերաբերին Միութեան Առեւտուրին»  Կ՛ըսէ Սհինաս

«Եւրոպական Միութիւնը Պատասխան Միջոցներու Պիտի Ձեռնարկէ, Եթէ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցները Վերաբերին Միութեան Առեւտուրին» Կ՛ըսէ Սհինաս

Եւրոպական Միութիւնը պատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկէ, եթէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները վերաբերին միութեան առեւտուրին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Պրիւքսէլի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Մարկարիթիս Սհինաս: «Մենք պատրաստ ենք գործնական կերպով ու համամասնականօրէն պատասխանելու, եթէ Միացեալ Նահանգներ դպչին մեր արտածման: Մենք համապատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկենք, որպէսզի պաշտպանենք Եւրոպական Միութեան ճարտարարուեստը», ըսած է ան:

Հակառակ Թրքական Ռմբակոծումին Եւ Հակադարձելով Անոր Սուրիոյ Կառավարամէտ Աշխարհազօրէն Ուժեր Մուտք Գործեցին Աֆրին

Հակառակ Թրքական Ռմբակոծումին Եւ Հակադարձելով Անոր Սուրիոյ Կառավարամէտ Աշխարհազօրէն Ուժեր Մուտք Գործեցին Աֆրին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի շրջապատեն Աֆրին քաղաքը եւ արգիլեն քիւրտ զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնները: Ան երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր ունեցած հաղորդակցութիւնները պատճառ դարձած են, որ սուրիական բանակին Աֆրինի մէջ տարածուիլը «կանխարգիլուի»: «Կրնայ թուիլ, թէ...

Ապահովութեան Խորհուրդին Առջեւ Արտասանած Իր Խօսքին Մէջ. Ապպաս. «Մեզի Օգնեցէք, Որպէսզի Չստիպուինք Որդեգրել Որոշումներ, Որոնցմէ Ո՛չ Մենք, Ո՛չ Աշխարհը Գոհ Կը Մնայ»

Ապահովութեան Խորհուրդին Առջեւ Արտասանած Իր Խօսքին Մէջ. Ապպաս. «Մեզի Օգնեցէք, Որպէսզի Չստիպուինք Որդեգրել Որոշումներ, Որոնցմէ Ո՛չ Մենք, Ո՛չ Աշխարհը Գոհ Կը Մնայ»

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ ինք դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող միակ ուղին եղող բանակցութիւններու հրաւէր երբեք չէ մերժած` նշելով, որ Իսրայէլ կը վարուի միջազգային օրէնքէն վեր եղող պետութեան մը պէս եւ բռնագրաւումը վերածած է մնայուն բնակեցման գաղութատիրութեան: «Կ՛ուզենք, որ մեր ժողովուրդը ապրի ազատ, պատերազմներէ, ահաբեկչութենէ եւ ծայրայեղականութենէ հեռու», ըսաւ ան`...

Թեհրանի Մէջ Սուֆիզմի Հետեւորդներու Ցոյցի Ժամանակ Վրայերթի Պատճառով 3 Ոստիկան Զոհուած Է

Թեհրանի Մէջ Սուֆիզմի Հետեւորդներու Ցոյցի Ժամանակ Վրայերթի Պատճառով 3 Ոստիկան Զոհուած Է

Երկուշաբթի օր Թեհրանի մէջ սուֆիզմի հետեւորդներու ցոյցի մը ընթացքին երեք ոստիկան զոհուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»` վկայակոչելով իրանեան ոստիկանութեան բանբերը: Երկուշաբթի օր ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի անվտանգութեան ուժերու եւ սուֆիզմի հետեւորդներու միջեւ բախումը: Անոնք հաւաքուած էին ոստիկանական բաժանմունքի առջեւ եւ կը պահանջէին իրենց հաւատակից անդամներու ազատ արձակումը: Կը նշուի, որ յարձակողները փոխադրակառքով...

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Կը Վերականգնեն Էզանը Արգիլող Օրէնքն Ու Կ՛արտօնեն Բարձրախօսներու Գրաւումը

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Կը Վերականգնեն Էզանը Արգիլող Օրէնքն Ու Կ՛արտօնեն Բարձրախօսներու Գրաւումը

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ էզանը արգիլող օրէնքին շուրջ քննարկումները վերականգնուած են եւ ստացած աւելի խիստ բնոյթ: Քնեսեթին ներկայացուելիք օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին համաձայն, իսրայէլեան ոստիկանութիւնը պիտի ներխուժէ այն մզկիթները, որոնք ըստ իրեն «աղմուկ կը հանեն», եւ պիտի գրաւէ բարձրախօսները եւ նուազագոյնը 10 հազար շեքելի տուգանք պիտի ճշդէ: Նշեալ օրէնքը  մարտ 2017-ին Քնեսեթին մէջ նախնական ընթերցումով որդեգրուած էր, սակայն մինչեւ...

Եւրոպական Միութիւնն Ու Սերպիան Կը Հակադարձեն Ալպանիոյ Վարչապետի Ուղերձին

Եւրոպական Միութիւնն Ու Սերպիան Կը Հակադարձեն Ալպանիոյ Վարչապետի Ուղերձին

Եւրոպական Միութիւնը Ալպանիոյ կոչ ուղղեց չմիջամտելու դրացի երկիրներու գործերուն, իսկ Սերպիան յայտարարած է, թէ Թիրանան կը հետապնդէ «Մեծն Ալպանիա» ստեղծելու նպատակը: Այդ յայտարարութիւններով Եւրոպական Միութիւնն ու Սերպիան արձագանգած են Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամայի ուղերձին: Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամա 18 փետրուարին Քոսովոյի խորհրդարանին մէջ Սերպիայէն Քոսովոյի անկախացման 10-ամեակին նուիրուած յատուկ նիստի ընթացքին յայտնած էր, որ կը սպասէ այն օրը, երբ Ալպանիան...

Ազրպէյճան, Թուրքիան Եւ Ուքրանիան  Համագործակցութեան  Եռակողմ Ձեւաչափ Կը Ստեղծեն

Ազրպէյճան, Թուրքիան Եւ Ուքրանիան Համագործակցութեան Եռակողմ Ձեւաչափ Կը Ստեղծեն

Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ուքրանիա 6 մարտին Պաքուի մէջ պիտի կատարեն քաղաքական խորհրդակցութիւններ, որոնց ժամանակ պիտի քննարկուի համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափի ստեղծման հարցը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քիեւի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ազեր Խուտիեւ:

Չաւուշօղլու. «Եթէ Սուրիական Ուժերը Աֆրին  Մուտք Գործեն Քիւրտ Զինեալները Պաշտպանելու Համար,  Ոչ Ոք Կրնայ Զսպել Թրքական Ուժերը»

Չաւուշօղլու. «Եթէ Սուրիական Ուժերը Աֆրին Մուտք Գործեն Քիւրտ Զինեալները Պաշտպանելու Համար, Ոչ Ոք Կրնայ Զսպել Թրքական Ուժերը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու սպառնաց սուրիական բանակին` յայտնելով. «Եթէ սուրիական ուժերը Աֆրին մուտք գործեն քիւրտ զինեալները պաշտպանելու համար, ոչ ոք կրնայ թրքական ուժերը զսպել»` աւելցնելով. «Հարց չկայ, եթէ սուրիական ուժերը Աֆրին մուտք գործեն վերջ տալու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ Ամմանի մէջ իր յորդանանցի պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիա կ՛ողջունէ սուրիական բանակին Աֆրին...

Լաւրով Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ  Սուրիոյ Մէջ Կրակի Հետ Խաղալէ Դադրելու

Լաւրով Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Կրակի Հետ Խաղալէ Դադրելու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` ժամանակաւոր շահեր ապահովելու համար Սուրիոյ մէջ կրակի հետ խաղալէ դադրելու` նշելով, որ գոյութիւն ունին «սուրիական գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու ամերիկեան փորձեր, մասնաւորաբար Եփրատի արեւելեան ափին վրայ», ուր Ուաշինկթըն «Իրաքէն ու Եփրատի արեւելեան ափէն հիւսիսային Սուրիոյ ուղղութեամբ երկարող ուժ կը ստեղծէ»: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Մոսկուա ունի բազմաթիւ փաստեր, թէ Արեւմուտքն ու Միջազգային...

Ըստ Քրտական Ուժերու Բանբերին.  Սուրիական Բանակը Այսօր  Մուտք Պիտի Գործէ Աֆրին

Ըստ Քրտական Ուժերու Բանբերին. Սուրիական Բանակը Այսօր Մուտք Պիտի Գործէ Աֆրին

Քրտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան բանբեր Շէյխօ Պալօ յայտարարած է. «Սուրիոյ կառավարութիւնն ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Աֆրինի շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ սուրիական բանակին քաղաք մուտքը»: «Սուրիական բանակը վաղը` երկուշաբթի օր մուտք պիտի գործէ Աֆրին, եւ ատոր նպատակը քաղաքը պահպանելն ու զայն պաշտպանելն է», նշեց ան: Աֆրինի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու մամլոյ խորհրդատու Զէյտան...

Զարիֆ. «Նեթանիահուի Խօսքը  Զաւեշտական Կրկէս Մըն Է».  Նեթանիահու Իրանը Կը Զգուշացնէ  Իսրայէլի Վճռականութիւնը Փորձելէ

Զարիֆ. «Նեթանիահուի Խօսքը Զաւեշտական Կրկէս Մըն Է». Նեթանիահու Իրանը Կը Զգուշացնէ Իսրայէլի Վճռականութիւնը Փորձելէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Միւնիխի մէջ ապահովութեան շուրջ խորհրդաժողովի ընթացքին իր ձեռքը բռնելով, իր պնդումով, իսրայէլեան օդային տարածքին վերեւ վար առնուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը մէկ կտորը, Իրանը զգուշացուց Իսրայէլի վճռականութիւնը փորձելէ` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրանին արգիլել Սուրիոյ մէջ զինուորական մնայուն ներկայութիւն հաստատել: Նեթանիահու յայտնեց, որ եթէ պէտք ըլլայ Իսրայէլ Իրանի դէմ ալ գործի պիտի...

Իրանեան Ճամբորդատար Օդանաւի  Ջախջախման Պատճառով  Արձանագրուեցաւ 66 Զոհ

Իրանեան Ճամբորդատար Օդանաւի Ջախջախման Պատճառով Արձանագրուեցաւ 66 Զոհ

Իրանեան  լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Թեհրանէն Եասուժ մեկնող իրանեան ճամբորդատար օդանաւ մը երէկ արշալոյսին Թեհրանի «Մեհրապատ» օդակայանէն թռիչք կատարելէ ետք ջախջախուած է: Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի յայտարարեց, որ օդանաւը կը պատկանի «Ասման» օդանաւային ընկերութեան, եւ անոր մէջ կը գտնուէին 60 ճամբորդներ եւ անձնակազմի 6 անդամներ: Օդանաւային ընկերութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ օդանաւին մէջ...

Ուաշինկթըն Անհաւանական Կը Նկատէ  Թուրքիոյ Կողմէ Աֆրինի Մէջ Քիմիական  Զէնք Օգտագործած Ըլլալը

Ուաշինկթըն Անհաւանական Կը Նկատէ Թուրքիոյ Կողմէ Աֆրինի Մէջ Քիմիական Զէնք Օգտագործած Ըլլալը

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւններուն ընթացքին երբեք քիմիական զէնք չէ կիրարկած: Յիշեցնենք, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն ու Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը Թուրքիան ամբաստանած էին Աֆրինի մէջ քիմիական զէնքերով յարձակում գործելու յանցանքով: «Անոնք անհիմն ամբաստանութիւններ են: Թուրքիան երբեք քիմիական զէնքեր չէ օգտագործած: «Ձիթենիի Ճիւղ» գործողութեան ընթացքին քաղաքայիններուն նկատմամբ չափազանց ուշադիր ենք», նշած...

Լափշին Դատ Կը Բանայ Ազրպէյճանի Դէմ

Լափշին Դատ Կը Բանայ Ազրպէյճանի Դէմ

Եօթը ամիս ազրպէյճանական բանտին մէջ մնացած Ռուսիոյ քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին ընդդէմ Ազրպէյճանի դատ բացած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ: Այդ մասին Լափշին գրած է իր «Ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ: «Ընկերներս կը հարցնեն, թէ ինչի՞ վրայ պիտի ծախսեմ գումարը, եթէ շահիմ Ազրպէյճանի դէմ դատը` Եւրոպայի մէջ: Անկեղծ ըսեմ` չե՛մ մտածած: Տակաւին պէտք է շահիլ, ապա կը խօսինք», գրած է...

«Յունաստան Չի Պատրաստուիր Հանդուրժելու  Եգէական Ծովուն Մէջ Թրքական Սադրանքները»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

«Յունաստան Չի Պատրաստուիր Հանդուրժելու Եգէական Ծովուն Մէջ Թրքական Սադրանքները» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յայտարարած է, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր հանդուրժելու թրքական սադրանքները Եգէական ծովուն մէջ եւ ոեւէ մէկուն պիտի չարտօնէ մարտահրաւէր նետել իր տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: «Այսօր, վաղը եւ միշտ մեր ուղերձը յստակ է. մենք ոեւէ մէկուն պիտի չարտօնենք մարտահրաւէր նետել մեր տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան: Յունաստան խաղեր խաղացող երկիր չէ», ըսած...

Յունաստանի Նախկին Արտաքին Գործոց  Նախարար. «Լաւ Թուրքը Մեռած Թուրքն Է»

Յունաստանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարար. «Լաւ Թուրքը Մեռած Թուրքն Է»

Յունաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թէոտորոս Փանկալոս, անդրադառնալով Եգէական ծովուն մէջ Իմիա եւ յարակից կղզիներուն շուրջ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած վէճին, ըսած է. «Լաւ թուրքը միայն մեռած թուրքն է»: Այս մասին ան յայտնած է յունական «Էքաթիմերինի» կայքին: «Թշնամին անխիղճ է` անկախ այն բանէն, թէ մենք որքան բարեացակամ պիտի ըլլանք: Լաւ թուրքը մեռած թուրքն է: Ես վստահ եմ ասոր, որովհետեւ...

Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ  Թիլըրսըն-Էրտողան «Յստակ  Եւ Անկեղծ» Հանդիպում

Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Թիլըրսըն-Էրտողան «Յստակ Եւ Անկեղծ» Հանդիպում

Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է Սուրիոյ եւ շրջանային այլ հարցերու վերաբերեալ իր առաջնահերթութիւններն ու պատկերացումները: Աղբիւրը աւելցուց, որ Էրտողան ու Թիլըրսըն նաեւ քննարկած են Իրաքի առնչուող հարցեր, շրջանային զարգացումներն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը: Հանդիպումի ընթացքին Թիլըրսընին «ամենայն...

Մինչ Փենթակոն Կը Մերժէ Մեկնաբանել.  «Սուրիական Կառավարական Ուժերուն Աֆրին  Մուտք Գործելու Կարելիութենէն Տեղեակ Չենք»  Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Մինչ Փենթակոն Կը Մերժէ Մեկնաբանել. «Սուրիական Կառավարական Ուժերուն Աֆրին Մուտք Գործելու Կարելիութենէն Տեղեակ Չենք» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերու Աֆրին մուտք գործելու կարելիութենէն տեղեակ չէ: Յիշեցնենք, որ սուրիական ապահովական աղբիւր մը նախապէս յայտարարած էր, թէ սուրիական կառավարութիւնը հիւսիսային սուրիական քրտական ուժերուն հետ սուրիական բանակի Աֆրին մուտք գործելու հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է: Նաեւ հաղորդուած էր, որ սուրիական բանակը մերժած է Աֆրին մուտք գործել նախքան քրտական խմբաւորումներուն...

Page 633 of 883 1 … 632 633 634 … 883

Արխիւներ