Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Մտահոգ Է Դամասկոսի Դէմ Ուժի Կիրարկման Սպառնալիքներով» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Փետրուար 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ իր երկիրը շատ մտահոգ է Ուաշինկթընի` Դամասկոսի դէմ ուժ կիրարկելու մասին սպառնալիքներով` նշելով, որ անոնք կը հակասեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2401 որոշումին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ յայտնեց, որ միութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու մագլցումով` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղելով լարուածութեան մեղմացումը երաշխաւորելու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի յայտարարեց, որ յառաջիկայ յունիսին Թուրքիոյ մէջ պիտի գումարուի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը` նշելով, որ այժմ այդ վեհաժողովին պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նախապատրաստական ժողով մը պիտի գումարեն:

«Վեհաժողովը յառաջիկայ յունիսին Պոլսոյ մէջ պիտի գումարուի` Սուրիոյ մէջ դէպքերու զարգացման շուրջ քննարկում կատարելու համար», ըսաւ Ղասեմի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը չի վերաբերիր Դամասկոսի կողմէ շղթայազերծուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ չի պաշտպաներ Արեւելեան Ղութա եւ Իտլիպ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները:

Ան յայտնեց, որ զինադադարի գործադրութիւնը պիտի սկսի, երբ բոլոր կողմերը անոր գործադրութեան ձեւին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Լաւրով ըսաւ, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Դամասկոսը վարկաբեկելու փորձերը` գործադրելու համար Սուրիոյ մէջ փոքր կիսապետութիւններու ստեղծման իր ծրագիրը: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան արգելակման համար քիմիական զէնքերու կիրարկման վերաբերեալ նոր տարաձայնութիւններու հրապարակում կը նախատեսէ:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարը պէտք է ներառէ նաեւ Աֆրինի մէջ թրքական զինուորական գործողութիւնները:

Նախորդը

Չեխիա Պատրաստ Է Մուսլիմի Արտայանձնման Շուրջ Բանակցելու Թուրքիոյ Հետ

Յաջորդը

«Եւրատեսիլ 2018»-ին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Սեւակ Խանաղեանը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?