Սուրիոյ աշխարհազօրի յաւելեալ ուժեր երէկ մուտք գործեցին Աֆրին` օժանդակելու համար թրքական յարձակումին ետ մղման: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին»-ը:
Քաղաքի բնակիչները հաւաքուեցան Հուրիա հրապարակին վրայ` ընդունելու համար այդ ուժերը: Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարներ յայտնեցին, որ հազարաւոր զինեալներ պիտի գտնուին Աֆրինի ճակատներուն վրայ:
Աշխարհազօրի ղեկավարները իրենց կարգին վճռակամութիւն յայտնեցին Աֆրինի մէջ կռուելու` «ինչպէս որ կռուեցանք սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ»:
Մէկ օր առաջ աւելի քան 400 զինեալներ հասած էին Աֆրին:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի, մեկնաբանելով այդ զարգացումը, ըսաւ. «Բոլոր անոնք, որոնք ահաբեկչութեան կ՛աջակցին, մեզի համար թիրախներու պիտի վերածուին»:
«Սուրիական վարչակարգին Աֆրին ուղարկած զինեալ խմբաւորումները բացարձակապէս կարողութիւնը չունին այդ շրջանին մէջ մեր գործադրած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին արդիւնքը փոխելու», նշեց ան` աւելցնելով. «Ան որ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի` ահաբեկիչ է, եւ ատիկա շատ յստակ կ՛արտայայտենք»:
Մինչ այդ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու մէկ բանբերը իր կարգին յայտնեց. «Աֆրին ուղարկուած զինեալները բաւարար չեն Թուրքիոյ յարձակումը կասեցնելու, ուստի Սուրիոյ բանակը պէտք է գայ պաշտպանելու համար Աֆրինը»:
Միւս կողմէ, սուրիական ապահովական աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնեց, թէ քիւրտ զինեալները համաձայն գտնուած են Հալէպ նահանգի հիւսիսը գտնուող Թալ Ռիֆաաթ քաղաքը յանձնելու սուրիական բանակին: Ըստ բանբերին, կառավարական ուժերը յառաջիկայ քանի մը ժամուան ընթացքին մուտք պիտի գործեն քաղաք:



