Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ «դահիճ» կոչած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:
«Ասատ դահիճ է: Իր իսկ մէկ միլիոն քաղաքացին սպաննողը ինք չէ՞: Իր իսկ ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնք կիրարկողը, ամէն տեսակի զէնքով իր ժողովուրդը սպաննողը ինք չէ՞: Մենք երբեք չենք աջակցած այդ անիրաւներուն, երբեք անոնց հետ միասին չենք եղած», ըսած է Էրտողան:



