Փութին. «Ռուսիան Ծանօթացաւ Պաղեստինի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին, Եւ Կը Թուի, Թէ Փապուղիի Վերջաւորութեան Լոյս Կայ»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին միջազգային երկխօսութեան «Վալտայ» ֆորումի 22-րդ ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Ռուսիան ծանօթացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Պաղեստինի վերաբերեալ ծրագիրին եւ կը թուի, թէ փապուղիի վերջաւորութեան լոյս կայ»: Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի մասին` ան ըսաւ. «Ինծի կը թուի, թէ փապուղիի վերջաւորութեան տակաւին լոյս կայ»` աւելցնելով. «Պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը կարելի չէ լուծել արեւմտեան ձեւերով»: Ինչ...




















