Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Քաթար, Եգիպտոս Եւ Թուրքիա Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ընդունելու Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ բանակցութիւններուն ծանօթ երկու աղբիւրներու համաձայն, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարները պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ ուղղած են` Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկին դրական պատասխան տալու:

Թրամփ երեքշաբթի օր յայտնեց, որ Համասին 3-էն 4 օր պայմանաժամ կու տայ առաջարկին պատասխան տալու: Ան Վըրճինիա նահանգի Քուանթիքոյի մէջ հարիւրաւոր զօրավարներու եւ ծովակալներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Մէկ ստորագրութեան կարիք ունինք, եւ եթէ չստորագրեն, անոր գինը պիտի վճարեն: Կը յուսամ, որ իրենց համար ստորագրեն եւ հոյակապ բան մը ստեղծեն»:

Քաթար, Եգիպտոս եւ Թուրքիա Համասի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գլխաւոր միջնորդներու դերը կը կատարեն: «Այդ երկիրներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ անցնող 24 ժամուան ընթացքին երկու անգամ հանդիպում ունեցան Համասի ղեկավարներուն հետ` բացատրելու ծրագիրին բովանդակութիւնը, եւ շարժումը զայն ընդունելու քաջալերելու համար», կը գրէ ամերիկեան կայքը:

Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց, թէ Համասը կարիքը ունի Կազայի մէջ գործող պաղեստինեան բոլոր խմբաւորումներուն հետ համաձայնելու, նախքան պաշտօնական պատասխան տալը` աւելցնելով, որ ծրագիրը կ՛իրագործէ պատերազմին վերջ տալու հիմնական նպատակը, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը հարցեր կարիքը ունին յստակացման ու բանակցութեան:

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Պատրաստ ենք Համասի կողմէ պարզաբանումներու եւ բարեփոխութեան վերաբերեալ որոշակի խնդրանքներ քննարկելու, սակայն ամբողջ ծրագիրը քննարկումի առարկայ պիտի չդարձնենք»:

Քաթարի վարչապետը իր կարգին շեշտեց, որ ծրագիրը «տակաւին սկզբնական փուլի մէջ է եւ գործադրուելէ առաջ զարգացումի կը կարօտի»:

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Թրամփի երկուշաբթի օր ներկայացուցած ծրագիրը բովանդակած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ պահանջուած խորքային փոփոխութիւններ, ինչ որ զայրացուցած է բանակցութիւններուն մասնակցած արաբ պաշտօնատարներ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր երէկ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրի որեւէ բարեփոխում զայն մերժել կը նշանակէ»:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունը Նեթանիահուի Քաթարէն ներում հայցելու համար Ձուաձեւ գրասենեակէն Քաթարի վարչապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան պահէն լուսանկարներ հրապարակեց:

Համասի ղեկավարներէն Թահեր Նունու «Արապիա»-ին յայտնեց. «Դիմադրութեան զէնքը կապուած է պաղեստինեան պետութեան ստեղծման: Պատրաստ ենք Կազայի մէջ տարիներու վրայ երկարող զինադադարի»:

Համասէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երեքշաբթի գիշեր «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, թէ Համաս «Պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրը մերժելու կ՛ուղղուի»:

Անոր համաձայն, ծրագիրը «կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն եւ կ՛անտեսէ պաղեստինցի ժողովուրդին շահերը»: Անոր համաձայն, Համաս կը մերժէ հիմնական երկու կէտեր` Համասի զինաթափումը եւ Կազայի մէջ միջազգային ուժի տեղակայումը, զայն նկատելով «բռնագրաւումի նոր ձեւ մը»:

Համասին մօտիկ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Շարժումը կը ջանայ բարեփոխման ենթարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագիրի կարգ մը կէտերը, որոնցմէ են զինաթափումը եւ անոր զինեալներուն Կազայէն հեռանալը»:

«Անդադար կերպով Պաղեստինի եւ արտասահմանի մէջ միջնորդներուն հետ աշխուժ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան», նշեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Երկուշաբթի օր քաթարցի եւ եգիպտացի միջնորդներուն հետ թուրք պաշտօնատարներու ներկայութեամբ չորս հանդիպումներ տեղի ունեցան»:

«Համաս միջնորդներուն փոխանցեց, որ անհրաժեշտ է Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման եւ Իսրայէլի զինադադարը չխախտելուն վերաբերեալ միջազգային երաշխիքներ ապահովուին», յայտնեց աղբիւրը:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Ստորագրեց Քաթարի Հողերուն Ու Գերիշխանութեան Դէմ Որեւէ Յարձակում Միացեալ Նահանգներու Անվտանգութեան Սպառնալիք Նկատող Հրամանագիր Մը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Հոկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը  Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

Հոկտեմբեր 2, 2025
Թրամփ Ստորագրեց Քաթարի Հողերուն Ու  Գերիշխանութեան Դէմ Որեւէ Յարձակում Միացեալ  Նահանգներու Անվտանգութեան Սպառնալիք  Նկատող Հրամանագիր Մը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ստորագրեց Քաթարի Հողերուն Ու Գերիշխանութեան Դէմ Որեւէ Յարձակում Միացեալ Նահանգներու Անվտանգութեան Սպառնալիք Նկատող Հրամանագիր Մը

Հոկտեմբեր 2, 2025
Միացեալ Նահանգներ Վառելանիւթ Տեղափոխող  Բազմաթիւ Օդանաւեր Հալածիչներու Ուղեկցութեամբ  Ուղարկած Են Միջին Արեւելք
Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Վառելանիւթ Տեղափոխող Բազմաթիւ Օդանաւեր Հալածիչներու Ուղեկցութեամբ Ուղարկած Են Միջին Արեւելք

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?