Միջազգային

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին.  Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի  Զինուորական Բարձրաստիճան  Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, մէջբերելով փաստաթուղթ մը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այսօր ներկայ պիտի գտնուի Վըրճինիա նահանգի Քուանթիքոյի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատարներու մէկ վայրի մէջ հաւաքուած հազուադէպ ժողովի մը: «Ուաշինկթըն Փոսթ» անցեալ շաբաթ հաղորդած էր. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ հարիւրաւոր զօրավարներ ու ծովակալներ յառաջիկայ շաբաթ Վըրճինիոյ մէջ արտակարգ ժողովի հրաւիրեց` առանց պատճառը յայտարարելու»:  

Շիպանի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Եւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներու  Մասին Խօսիլը Ներկայիս Դժուար Է»

Շիպանի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Եւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներու Մասին Խօսիլը Ներկայիս Դժուար Է»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շիպանի յայտնեց. «Նոր Սուրիան միացեալ, աշխարհիկ, աշխարհին բացուած եւ քաղաքացիական խաղաղութեամբ երկիր պիտի ըլլայ»: Ան այս մասին յայտնեց «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Մէկ, միացեալ, հզօր եւ փայլուն Սուրիոյ գոյութիւնը պիտի ծառայէ սուրիացի ժողովուրդին եւ ամրապնդէ շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը», շեշտեց ան: Շիպանի նշեց, որ իրենց փափաքն է, որ Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ ժողովուրդները ապահովութեամբ...

Քալլաս. «Մոլտովայի Ընտրութիւնը Յստակ  «Այո» Է Եւրոպական Ապագային»

Քալլաս. «Մոլտովայի Ընտրութիւնը Յստակ «Այո» Է Եւրոպական Ապագային»

Մոլտովայի ընտրութիւնը յստակ «այո» է եւրոպական ապագային: Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: «Հակառակ Ռուսիոյ կողմէ ապատեղեկատուութիւն տարածելու եւ քուէներ գնելու հսկայական ջանքերուն, ոչ մէկ ուժ կրնայ կանգնեցնել ազատութեան ձգտող ժողովուրդը», գրած է ան: Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտուի եւրոպամէտ «Գործողութիւն եւ համերաշխութիւն» կուսակցութիւնը կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է` ռուսամէտ...

Ուահապ. «Սուէյտայի Շուրջ Կացութիւնը  Դէպի Դրական Կ՛ուղղուի»

Ուահապ. «Սուէյտայի Շուրջ Կացութիւնը Դէպի Դրական Կ՛ուղղուի»

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Սուէյտայի շուրջ կացութիւնը դէպի դրական կ՛ուղղուի, եւ առկախ մնացած թղթածրարները պիտի լուծուին: Շրջանը կեդրոնական պետութեան մը ծիրին մէջ կատարուած իրողութիւն է»: «Վտանգը այլեւս դադրած է գոյութիւն ունենալէ, եւ հաւասարակշռութիւնը Սուէյտայի անվտանգութիւնը Դամասկոսի անվտանգութեան դիմաց է: Ապահով անցքը` շուտով եւ երաշխիքներով», նշեց Ուահապ:  

Միչիկընի Եկեղեցւոյ Մէջ Կրակոցի  Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Միչիկընի Եկեղեցւոյ Մէջ Կրակոցի Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգի Կրանտ Պլան քաղաքի մորմոնական եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ պաշտամունքի ընթացքին տեղի ունեցած է կրակոց եւ հրդեհ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»: Նախկին նաւազ մը բեռնատարով մխրճուած է եկեղեցւոյ շէնքին մէջ, ապա կրակ բացած է այդտեղ հաւաքուածներուն վրայ եւ փորձած հրդեհել շինութիւնը: Իրաւապահներու հաղորդումով` յարձակումին պատճառով առնուազն 4 զոհ եւ 8 վիրաւոր արձանագրուած է: Զոհերու թիւը կրնայ...

Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Մեծ Ձեռքբերումներու  Իրագործման Իսկական Առիթ Ունինք  Եւ Պիտի Յաջողինք Զանոնք Կատարել»

Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Մեծ Ձեռքբերումներու Իրագործման Իսկական Առիթ Ունինք Եւ Պիտի Յաջողինք Զանոնք Կատարել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի մէջ մեծ ձեռքբերումներու իրագործման իսկական առիթ ունինք: Բոլորը պատրաստ են իւրայատուկ բանի մը, որ բացարձակապէս առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրագործենք, եւ պիտի յաջողինք զայն կատարել»: Թրամփ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց, սակայն օրեր առաջ յայտարարած էր, որ Կազայի պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան մը կնքման եզրին կը...

ՄԱԿ-ը Վերականգնեց Իրանի Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ը Վերականգնեց Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ը վերականգնեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: 2015-ին Թեհրանի հիւլէական գործարքի կնքումէն ետք ջնջուած պատժամիջոցները վերականգնելու հոլովոյթին ձեռնարկած էր եւրոպական եռեակը` Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, որոնք Իրանը կը մեղադրեն հիւլէական համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով եւ կը պնդեն, որ Թեհրանը կը շարունակէ ձգտիլ հիւլէական զէնքի ձեռքբերման: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը...

Թոնի Պլերը` Կազայի  Ժամանակաւոր Կառավարի՞չ

Թոնի Պլերը` Կազայի Ժամանակաւոր Կառավարի՞չ

Սպիտակ տունը առաջարկեց ծրագիր մը, որ կը ներառէ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի Կազայի մէջ ժամանակաւոր կառավարիչի պաշտօնի ստանձնումը եւ վերահսկումը մարմինի մը, որ ծանօթ է Կազայի փոխանցման միջազգային իշխանութիւն անունով: Այս մասին հաղորդեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»` մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը: Ամերիկեան օրաթերթը հաղորդեց. «Պատերազմին յաջորդող փուլին վերաբերեալ Սպիտակ տան ծրագիրը կը ներառէ արաբական ղեկավարութեամբ ապահովական ուժի կազմութիւնը»: «Նեթանիահու ծրագիրով...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Իսրայէլին Պիտի Չարտօնեմ Այսրդորդանանը Կցել, Այդ Մասին Նեթանիահուի Հետ Խօսիմ Կամ Ոչ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իսրայէլին պիտի չարտօնեմ Այսրյորդանանը կցել, այդ մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսիմ կամ ոչ»: «Ես Իսրայէլին պիտի չարտօնեմ Այսրյորդանանը կցել: Ո՛չ, ես ատիկա պիտի չընեմ: Ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ըսած է ան: Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուցած է, որ այս հարցը արդէն քննարկած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: «Այո՛, սակայն ես ատիկա պիտի...

90 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրելով`  Սէուտական Արաբիան Պաղեստինեան  Իշխանութեան Ֆինանսաւորման Միջազգային  Դաշինքի Ստեղծումը Յայտարարեց

90 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրելով` Սէուտական Արաբիան Պաղեստինեան Իշխանութեան Ֆինանսաւորման Միջազգային Դաշինքի Ստեղծումը Յայտարարեց

Սէուտական Արաբիան Պաղեստինեան իշխանութեան ֆինանսաւորման միջազգային դաշինքի շտապ ստեղծումը յայտարարեց եւ այդ դաշինքին ճամբով իշխանութեան շուրջ 90 միլիոն տոլար տրամադրեց: Այս մասին երկու պետութիւններու լուծման գործադրման համար միջազգային դաշինքի միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը: Պըն Ֆարհան ըսաւ, որ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցող պետութիւններուն ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 159-ի: Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պարրաք. «Շրջանի Տագնապներու Արմատը Սայքս-Փիքոյի Համաձայնութիւնն Է, Եւ Իսկական Միջին Արեւելք Գոյութիւն Չունի»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց, որ ինք Միջին Արեւելքը իբրեւ քաղաքական օրինական շրջան չի ճանչնար` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքը խումբ մը ցեղախումբեր ու գիւղեր են, որոնք եւրոպական ուժերու ձեռամբ բաժիններու վերածուած են: Ան Սպիտակ տան առջեւ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ. «Կարելի չէ սպասել, որ շրջանին մէջ աւելի քան 100 ցեղային խումբեր իրարու միջեւ քաղաքական դասաւորում իրագործեն»: Պարրաքի կարծիքով`...

Թրամփ Կրնայ Թուրքիոյ «Էֆ35»-ներ Վաճառել,  Եթէ Անգարան Ռուսական Քարիւղ Գնելը Դադրեցնէ

Թրամփ Կրնայ Թուրքիոյ «Էֆ35»-ներ Վաճառել, Եթէ Անգարան Ռուսական Քարիւղ Գնելը Դադրեցնէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երկկողմանի հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ կը կարծէ, թէ Թուրքիան կրնայ իր խնդրանքով դադրեցնել Ռուսիայէն քարիւղի գնումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Ես չեմ ուզեր ատիկա ըսել, սակայն եթէ ան ուզէ, այո: Ես կը կարծեմ, որ ան այդ մէկը պիտի դադրեցնէ», ըսած է Թրամփ: Պատասխանելով այն...

Ուիթքոֆ. «Յոյսով Եմ, Եւ Թերեւս Վստահ Եմ,  Որ Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Հարցին  Վերաբերեալ Ելքի Մը Մասին Կը Յայտարարուի»

Ուիթքոֆ. «Յոյսով Եմ, Եւ Թերեւս Վստահ Եմ, Որ Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Հարցին Վերաբերեալ Ելքի Մը Մասին Կը Յայտարարուի»

Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ նշեց. «Յոյսով եմ, եւ թերեւս վստահ, որ յառաջիկայ օրերուն Կազայի հարցին մէջ ելքի մը մասին կը յայտարարուի»: Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի եւ Կազայի մէջ խաղաղութեան 21 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը կարգ մը ղեկավարներու ներկայացուեցաւ: Պատասխանելով Իրանի հետ դիւանագիտական հոլովոյթի մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Մենք...

«Սուրիոյ Հետ Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին»  Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

«Սուրիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց. «Սուրիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ մեր նպատակը Իսրայէլի շահերը երաշխաւորելն է»: «Բանակցութիւններուն մէջ մեր շահերը կը ներառեն Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի ապազինումը եւ տիւրզիներու անվտանգութեան պահպանումը», նշեց գրասենեակը: Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք նախքան այդ յայտնած էր. «Սուրիան եւ Իսրայէլը եզրին կը գտնուին գոյացնելու հանդարտեցման համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ իր յարձակումները կը դադրեցնէ,...

Նիւ Եորքի Մէջ Լաւրով-Ռուպիօ Հանդիպում

Նիւ Եորքի Մէջ Լաւրով-Ռուպիօ Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին որեւէ յայտարարութիւն չկատարեցին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի օգնական Թամի Փիկըթ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Ռուպիօ «կրկնեց նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչը` սպանութեան վերջ տալու, եւ անհրաժեշտութիւնը, որ Մոսկուան որդեգրէ կարեւոր քայլեր` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի տեւական...

Թրամփ-Շարհ Հանդիպում

Թրամփ-Շարհ Հանդիպում

Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Սուրիոյ նախագահական պալատին համաձայն, հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին, որուն ներկայ եղած է նաեւ Թրամփի կինը` Մելանիա Թրամփ: Շարհ 1967 թուականէն ի...

Սպիտակ Տունը Կազայի Մէջ  «Խաղաղութեան Ծրագիր» Մը Մշակած Է

Սպիտակ Տունը Կազայի Մէջ «Խաղաղութեան Ծրագիր» Մը Մշակած Է

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երեքշաբթի օր արաբական եւ իսլամական պետութիւններու պաշտօնատարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, թէ իր մօտ իսրայէլեան պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումէն ետք Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրին, Սպիտակ տունը մշակած է «Խաղաղութեան ծրագիր» մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ 20 օր կը...

Ինտոնեզիան Պատրաստ Է Զինադադարէն Ետք  Կազայի Մէջ 20 Հազար Զինուոր Տեղակայելու

Ինտոնեզիան Պատրաստ Է Զինադադարէն Ետք Կազայի Մէջ 20 Հազար Զինուոր Տեղակայելու

Ինտոնեզիոյ նախագահ Փրապոուօ Սուպիանթօ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Ճաքարթան պատրաստ է Իսրայէլի եւ Համաս շարժումի միջեւ զինադադարի հաստատումէն ետք Կազայի մէջ տեղակայուելիք միջազգային ուժին 20 հազար զինուորներով մասնակցելու: «Պէտք չէ լուռ մնանք, մինչ պաղեստինցիները այս դահլիճին մէջ արդարութենէ եւ օրինականութենէ կը զրկուին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «պաշտպանել բոլորը` հզօրներն ու տկարները հաւասարապէս»:...

Պարրաք. «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հանդարտեցման Համաձայնութեան Գոյացման Եզրին Են»

Պարրաք. «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հանդարտեցման Համաձայնութեան Գոյացման Եզրին Են»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Սուրիան եւ Իսրայէլը եզրին կը գտնուին գոյացնելու հանդարտեցման համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ իր յարձակումները կը դադրեցնէ, իսկ Սուրիան համաձայն կը գտնուի ծանր զէնքեր սահմանին մօտ չտեղափոխելու»: Պարրաք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ համաձայնութիւնը առաջին քայլ պիտի ըլլայ ուղղութեամբը ապահովական համաձայնութեան, որուն շուրջ երկու երկիրները կը բանակցին:...

Իրանի Մէջ Հիւլէական Փոքր Կայաններու  Կառուցման Շուրջ Իրան-Ռուսիա  Գործակցութեան Փաստաթուղթ

Իրանի Մէջ Հիւլէական Փոքր Կայաններու Կառուցման Շուրջ Իրան-Ռուսիա Գործակցութեան Փաստաթուղթ

Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի եւ ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութեան միջեւ Իրանի մէջ հիւլէական փոքր կայաններու կառուցման շուրջ գործակցութեան փաստաթուղթ մը ստորագրուած է: Ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Ռուսիա եւ Իրան Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին Իրանի մէջ հիւլէական փոքր կայաններու կառուցման վերաբերեալ գործակցութեան փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը»:  

Page 64 of 882 1 … 63 64 65 … 882

Արխիւներ