Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Տոնկ Ժիոն յայտարարեց, որ իր երկրի զինեալ ուժերը պատրաստ են բոլոր կողմերուն հետ աշխատելու խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:
Ժիոն Շիանկշանի մէջ անվտանգութեան 12-րդ համախմբումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ չինական բանակին նպատակը միջազգային գործակցութիւնն է` կառուցելու համար աւելի արդար ու տրամաբանական աշխարհակարգ մը, եւ աշխարհի պետութիւններուն կոչ ուղղեց` թէ՛ տիրակալութեան, թէ՛ ահաբեկման քաղաքականութեան դէմ դնելու:
Ան շեշտեց գերիշխանութեան եւ պետութիւններուն միջեւ հաւասարութեան սկզբունքներուն կառչելու կարեւորութիւնը` զգուշացնելով, որ արտաքին միջամտութիւններն ու իշխանութեան հետապնդումը միջազգային ընտանիքը կը մղեն դէպի քաոս եւ տագնապներ:
«Աշխարհը անգամ մը եւս կանգնած է պատերազմի կամ խաղաղութեան, երկխօսութեան կամ դիմակայութեան խաչմերուկին վրայ», աւելցուց Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարը: