Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան Նկատմամբ Լաւատես Եմ»

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան գոյացման կարելիութեան նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց:

«Յարմար առիթ կայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու», ըսաւ ան` նշելով, որ ներկայ հոլովոյթը «լաւ կերպով կ՛ընթանայ»:

«Աքսիոս» հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ Թրամփի` Կազայի պատերազմին վերջ տալու ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գոյացման եզրին կը գտնուին:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան կայքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի, Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշների եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ հանդիպումէն ետք Թրամփի ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գոյացման շատ մօտ են:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին նշած է. «Համաձայնութեան հասնելու համար Համասի համաձայնութիւնն ալ կարեւոր է, բան մը, որ տակաւին պաշտօնապէս տեղի չունեցաւ»:

Նեթանիահու Թրամփի հետ իր հանդիպումէն առաջ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Թրամփի աշխատանքային խմբակին հետ կ՛աշխատի «21 կէտեր»-ու համաձայնութեան շուրջ, սակայն մանրամասնութիւնները տակաւին չեն վճռուած:

Ան ըսաւ, որ Համասի ղեկավարներուն պիտի արտօնէ Կազայէն դուրս գալ, եթէ որոշեն պատերազմին վերջ տալ, իրենց զէնքերը վար դնեն եւ գերիները յանձնեն` աւելցնելով, որ այդ կէտը Թրամփի աշխատանքային խմբակին հետ քննարկուող կէտերէն մէկն է:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Կազայի վերաբերեալ գործարքի մը կնքման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացի լոյսին տակ մթնոլորտը դրական է:

Պաշտօնատարը ըսաւ, որ համաձայնութեան գոյացման ուղղութեամբ նկատառելի յառաջընթաց գոյութիւն ունի` նշելով, որ առնչակից կողմերը շարք մը նախագիծերու փոխանակումէն եւ անոնց վրայ բարեփոխումներ կատարելէ ետք «փոխադարձ հասկացողութիւններու հասնելու շատ մօտ են»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Ուիթքոֆ ջանք թափած է Նեթանիահուն համոզելու հակառակ իր կարգ մը պայմաններուն դէմ ըլլալուն առաջարկին համաձայնելու:

Աղբիւրը կը նշէ, թէ Նեթանիահու վերապահութիւն յայտնած է Համասի զինաթափման եւ պատերազմէն ետք Կազայի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դերակատարութեան հարցերուն շուրջ, որոնք բանակցութիւններուն մէջ տարակարծութիւններու գլխաւոր կէտերն են:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արաբ ղեկավարներէն ու Իսրայէլէն Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագիրի առաջարկին վերաբերեալ, «չափազանց լաւ պատասխան մը» ստացած է` նշելով, որ առաջարկը միայն Կազային չի վերաբերիր, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի լայն խաղաղութեան գոյացման:

«Բոլորը կ՛ուզեն համաձայնութիւնը գոյացնել», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով Իսրայէլի վարչապետին հետ իր հանդիպումի ընթացքին զայն գոյացնելու:

Նախորդը

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Յաջորդը

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Սեպտեմբեր 30, 2025
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին.  Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի  Զինուորական Բարձրաստիճան  Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Սեպտեմբեր 30, 2025
Շիպանի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Եւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներու  Մասին Խօսիլը Ներկայիս Դժուար Է»
Միջազգային

Շիպանի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Եւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներու Մասին Խօսիլը Ներկայիս Դժուար Է»

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?