Սէուտական կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ փաքիստանեան հիւլէական ծածկոյթը Սէուտական Արաբիոյ վրայ պիտի տարածուի:
Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Մոհամետ Ուասեֆ նախապէս փաքիստանեան ձայնասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, թէ իր երկրի հիւլէական ծրագիրը անհրաժեշտ ըլլալու պարագային Սէուտական Արաբիոյ տրամադրելի պիտի ըլլայ:
Յիշեցնենք, որ երկու երկիրները անակնկալ կերպով 17 սեպտեմբերին կնքած էին միացեալ ռազմավարական պաշտպանութեան համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ երկիրները յանձնառու կը դառնան զիրար պաշտպանելու, եթէ անոնցմէ մէկը յարձակումի ենթարկուի:
Աղբիւրը ըսաւ, որ համաձայնութիւնը տարիներէ ի վեր կը պատրաստուէր, եւ Սէուտական Արաբիան Հնդկաստանէն կ՛ակնկալէր, որ թագաւորութեան ապահովական կարիքներուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փաքիստանեան հիւլէական զէնքերը կրնա՞ն Սէուտական Արաբիան պաշտպանելու համար գործածուիլ, աղբիւրը նշեց. «Այո, ատիկա ճիշդ է»:
«Հիւլէականը այս համաձայնութեան անբաժանելի մէկ մասն է», աւելցուց ան` նշելով, որ Փաքիստան կը գիտակցի, թէ թագաւորութիւնը «իրողապէս ֆինանսաւորեց իր հիւլէական ծրագիրը եւ անոր աջակցեցաւ, երբ երկրին դէմ պատժամիջոցներ հաստատուեցան»:
«Հնդկաստան պիտի հասկնայ Սէուտական Արաբիոյ ապահովական կարիքները», նշեց Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան մօտիկ աղբիւրը` աւելցնելով, որ Ռիատի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ յարաբերութիւնները «հոյակապ» են: