Տասնեակներով գործիչներ, ներառեալ կենսոլորտի շուէտացի աշխարհահռչակ ջատագով Կրեթա Թանպերկ իսրայէլեան ուժերու կողմէ կալանաւորուեցան, եւ զանոնք դէպի Կազա տեղափոխող նաւերը գրաւուեցան:
Նաւատորմիղը կը բաղկանար աւելի քան 40 նաւերէ, եւ անոնց վրայ կը գտնուէին շուրջ 500 անձեր, ներառեալ եւրոպացի խորհրդարանականներ, փաստաբաններ եւ գործիչներ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ համաշխարհային «Սումուտ» նաւատորմիղէն շարք մը նաւեր «ապահով կերպով կանգնեցուեցան», եւ անոնց վրայ գտնուողները փոխադրուեցան իսրայէլեան նաւահանգիստ մը, ուրկէ պիտի արտաքսուին:
Իսրայէլ ըսաւ, որ իսրայէլեան ծովուժը նաւերը զգուշացուցած է, որ պէտք է իրենց ուղղութիւնը փոխեն, որովհետեւ «կը մօտենան գործօն մարտական գօտի եւ կը խախտեն օրինական ծովային պաշարում մը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց նաւատորմիղի կանգնեցումը, զայն որակեց «ահաբեկչական արարք» մը եւ կոչ ուղղեց «այս յարձակումին հեղինակները» հաշուետուութեան ենթարկելու:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը դատապարտեց նաւատորմիղին վրայ իսրայէլեան յարձակումը` յայտարարելով, որ մօտէն կը հետեւի նաւատորմիղին վրայ գտնուող իր քաղաքացիներուն կացութեան` նշելով, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները շուրջ 25 թուրք գործիչներ կալանաւորած են:
Քոլոմպիոյ նախագահ Կուսթաւօ Փեթր իբրեւ հակադարձութիւն իր երկրէն վտարեց իսրայէլացի մնացեալ դիւանագէտները, արարքը կոչեց «Նեթանիահուի կողմէ միջազգային ոճիր» մը: Ան նաեւ վերջ տուաւ Իսրայէլի հետ 2020-էն ի վեր գործող ազատ առեւտուրի համաձայնութեան եւ կոչ ուղղեց ազատ արձակելու նաւատորմիղին մէջ գտնուող երկու քոլոմպիացիներ:
Յունաստանի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Թունուզի եւ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի արարքին դէմ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան: Փաքիստան, Պոլիվիա եւ Մալեզիա եւս քննադատեցին Իսրայէլը:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կապի մէջ է նաւատորմիղին վրայ գտնուող բրիտանացի քաղաքացիներու ընտանիքներուն հետ` աւելցնելով, որ կապ հաստատած է իսրայէլեան իշխանութիւններուն հետ` «յստակ դարձնելու, թէ կը սպասենք, որ կացութիւնը անվտանգ կերպով լուծուի»:
Նշենք, որ նաւատորմիղին վրայ կը գտնուէր նաեւ միջազգային օրէնքի լիբանանցի մասնագէտ Լինա Թապպալը: