Իրանի հետ չհանգող լարուածութեան լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներ վառելանիւթ տեղափոխող բազմաթիւ «Քէյ.Սի.-135 Սթրաթոթանքըր» եւ «Քէյ.Սի.-46 Փեկասըս» օդանաւեր հալածիչներու ուղեկցութեամբ ուղարկած են Միջին Արեւելք: Անոնցմէ մէկ քանին արդէն էջք կատարած են Քաթարի օդուժի ռազմակայանին մէջ: «Ազատութիւն» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդեն լրատուամիջոցները:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Միջին Արեւելք կ՛ուղեւորուի ամերիկեան օդանաւակիր մը:
Իրանեան աղբիւրներն ալ կը գրեն, որ այս շարժումներուն զուգահեռ Թեհրանէն դիւանագիտական օդանաւ մը անսպասելիօրէն Մինսք մեկնած է, օդանաւին մէջ էր Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին:
Իրանեան աղբիւրները կը գրեն, որ շտապ թռիչքին պատճառը Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաւանական պատերազմն է: