Ազրպէյճան Եւրոպական Միութեան համար ոսկիի պաշար է: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Քոփենհակընի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովէն առաջ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան:
«Ազրպէյճան Եւրոպական Միութեան ոսկիի պահեստն է, որովհետեւ մենք ուժանիւթի առնչուած շատ դժուարութիւններ ունինք, իսկ դուք շատ հարուստ էք եւ կը համագործակցիք, կայուն եւ լաւ ղեկավարութիւն ունիք, այդ պատճառով ալ Ազրպէյճան Եւրոպական Միութեան համար ոսկիի պաշար է», յայտարարած է Օրպան: