Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի գիշեր Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ կը զօրակցի Թրամփի Կազայի պատերազմին վերջ տալու 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրին:
«Կը զօրակցիմ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ձեր ծրագիրին, որ կ՛իրագործէ մեր պատերազմական նպատակները: Անիկա Իսրայէլին պիտի վերադարձնէ իր բոլոր գերիները, պիտի կազմաքանդէ Համասի զինուորական կարողութիւնները, վերջ տայ անոր քաղաքական իշխանութեան եւ երաշխաւորէ, որ Կազան անգամ մը եւս Իսրայէլին վտանգ չներկայացնէ», ըսաւ Նեթանիահու:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Իսրայէլ պիտի պահպանէ Կազայի մէջ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը, ներառեալ տեսանելի ապագայի ընթացքին ապահովական գօտի մը, իսկ Կազան պիտի ունենայ քաղաքային խաղաղ վարչութիւն, որ ո՛չ Համասի կողմէ կը ղեկավարուի, ո՛չ ալ Պաղեստինեան իշխանութեան կողմէ:
«Պարո՛ն նախագահ, եթէ Համասը ձեր ծրագիրը մերժէ կամ զայն ընդունիլ ձեւացնէ, ապա իր կարելի ջանքը թափէ անոր դէմ կանգնելու, ապա Իսրայէլ առաքելութիւնը ինք պիտի աւարտէ: Ատիկա կարելի է կատարել դիւրին կամ դժուար կերպով, սակայն պիտի կատարուի», աւելցուց Նեթանիահու:
«Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինեան իշխանութեան, կը գնահատեմ ձեր հաստատ դիրքորոշումը, թէ անիկա Կազայի մէջ որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ առանց իրողական, արմատական եւ իսկական փոփոխութեան ենթարկուելու», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր կարգին յայտարարեց, որ իրենք «հին խնդիրի մը» լուծման շատ մօտ են, «եւ մենք կը խօսինք ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան մասին, եւ ոչ թէ միայն Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման»:
«Նեթանիահուի հետ քննարկեցինք Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու կերպը, եւ ես կը խօսիմ Միջին Արեւելքի մէջ յաւիտենական խաղաղութեան մասին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Մեր առաջարկը կը պահանջէ բոլոր գերիները 72 ժամուան ընթացքին անմիջապէս ազատ արձակել: Համաս կ՛ուզէ համաձայնութիւնը կնքել, եւ ատիկա լաւ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ծրագիրը կը ներառէ Կազայէն Իսրայէլի փուլային հեռացումը, եւ արաբական ու իսլամական պետութիւնները իրենք պիտի աշխատին Համաս շարժումին հետ»:
«Եթէ Համաս համաձայնութիւնը մերժէ, Նեթանիահուն պէտք եղածը կատարելու համար մեր ամբողջական աջակցութիւնը պիտի ստանայ, եւ մեր ծրագիրը կը ներառէ Համասի զինուորական ենթակառոյցը կազմաքանդել», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Բոլորը ծրագիրին համաձայնեցան, կը մնայ Համասը: Ծրագիրը կը ներառէ ստեղծումը խաղաղութեան հաստատման համար խորհուրդի մը, զոր անձամբ պիտի նախագահեմ»:
«Քանի մը օր ետք պէտք է Կազայի մէջ զէնքերը լռեն», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Արաբական Եւ Իսլամական
Երկիրները Կ՛ողջունեն
Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ինտոնեզիոյ, Փաքիստանի, Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջնորդող դերակատարութիւնն ու Կազայի պատերազմին վերջ տալու ջանքերը` վստահութիւն յայտնելով, որ ան կարող է խաղաղութեան ճամբան գտնել:
Նախարարները շեշտեցին շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունեցին յայտարարութիւնը Թրամփի առաջարկին, որ կը ներառէ պատերազմին աւարտը, Կազայի վերաշինութիւնը, պաղեստինցի ժողովուրդի տեղահանման արգիլումը, համապարփակ խաղաղութեան յառաջ մղումը, ինչպէս նաեւ Թրամփի յայտարարելը, որ կը մերժէ Այսրյորդանանի կցումը:
Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու եւ առնչակից կողմերուն հետ դրական եւ շինիչ կերպով գործակցելու` կնքելու համար համաձայնութիւնը եւ երաշխաւորելու անոր գործադրութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարները շեշտեցին իրենց հասարակաց յանձնառութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ գործելու` վերջ տալու համար Կազայի մէջ պատերազմին համապարփակ համաձայնութեամբ մը, որ կ՛երաշխաւորէ մարդասիրական օժանդակութիւններու անխոչընդոտ հասանելիութիւնը Կազայի բոլոր շրջաններուն, պաղեստինցիները չտեղահանելը, պատանդներու ազատ արձակումը, բոլոր կողմերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող ապահովական մեքանիզմի ստեղծումը, իսրայէլեան ամբողջական հեռացումը, Կազայի վերաշինութիւնը, երկու պետութիւններ սկզբունքի հիմամբ խաղաղութեան եւ արդար լուծման երթի ամրագրումը, որուն ճամբով Կազան ամբողջական կերպով Այսրյորդանանին կը միացուի Պաղեստինի պետութեան հետ` նկատի ունենալով, որ ատիկա շրջանային կայունութեան ու ապահովութեան իրագործման բանալին է:
Ուիթքոֆ Լաւատես
Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահմանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «պատմական է, եւ Նեթանիահու անոր ընթացքին պատահածը (Տոհայի վրայ յարձակումը, «Ա.») բացատրեց, ներում հայցեց, յոյս յայտնելով յառաջ ընթանալու»:
Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ. «Կազայի վերաբերեալ նոր առաջարկը տարբեր է, եւ արաբական ու եւրոպական պետութիւններու կողմէ մեծ աջակցութիւն կը վայելէ»:
«Կազայի մէջ զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ չափազանց լաւատես եմ», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակ էր գերիներու տունդարձի եւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու առաջնահերթութեան վերաբերեալ, եւ անոր ծրագիրը այդ մէկը կարելի կը դարձնէ»:
Թրամփի Ծրագիրը
– Բոլոր զինուորական գործողութիւնները, ներառեալ օդային եւ հրետանային ռմբակոծումները կ՛առկախուին, մինչ մարտական առաջնագիծը հաստատ կը մնայ մինչեւ փուլային ամբողջական հեռացումի անհրաժեշտ պայմաններու բաւարարումը:
– Իսրայէլի համաձայնութիւնը ընդունելէն ետք, 72 ժամուան ընթացքին բոլոր իսրայէլացի գերիները, ողջ կամ մահացած, պիտի վերադարձուին, որմէ ետք Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ ցկեանս բանտարկուած 250 գերիներ, ինչպէս նաեւ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ետք Կազայէն 1700 ձերբակալեալներ, ներառեալ բոլոր կիներն ու մանուկները:
– Իսրայէլ իւրաքանչիւր իսրայէլացիի դիակի վերադարձման դիմաց 15 պաղեստինցիի դիակ պիտի յանձնէ:
– Համասի այն անդամները, որոնք խաղաղ համակեցութիւն կը խոստանան եւ իրենց զէնքերը կը կազմաքանդեն, համաներում պիտի ստանան, իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն Կազայէն հեռանալ, անոնց դէպի հիւրընկալող պետութիւններ ապահով անցք պիտի տրուի:
– Համաձայնութեան հիմամբ մարդասիրական օժանդակութիւնները անմիջապէս Կազա մուտք պիտի գործեն 19 յունուար 2025-ի համաձայնութեան հիմամբ, ասիկա պիտի ներառէ ջուրի, ելեկտրականութեան, աղտոտ ջուրերու հեռացման, հիւանդանոցներու եւ փուռերու վերականգնում, փլատակներու վերացում եւ ճամբաներու վերաբացում:
– Օժանդակութիւններու ցրուումը պիտի կատարուի ՄԱԿ-ի եւ անոր գործակալութիւններու, Կարմիր մահիկի եւ երկու կողմերուն չառնչուած միջազգային այլ հաստատութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ Ռաֆահի անցքը երկու ուղղութիւններով պիտի բացուի` յունուար 2025-ի համաձայնութեան մէջ որոշուած մեքանիզմին հիմամբ:
– Թեքնոքրաթներէ կազմուած, պաղեստինեան փոխանցման ոչ քաղաքական յանձնախումբը պիտի ստանձնէ Կազայի առօրեայ հարցերու կառավարումը` հսկողութեան տակ միջազգային «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի մը, նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անդամակցութեամբ անձնաւորութիւններու եւ պետութիւններու ղեկավարներու, որոնց շարքին` Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերը:
– Խորհուրդը վերաշինութեան ծիրն ու ֆինանսաւորումը պիտի ճշդէ, մինչեւ որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ամբողջացնէ իր բարեկարգումը եւ վերստանձնէ Կազայի վերահսկողութիւնը:
– Ծրագիրը կը ներառէ միջազգային մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած Կազայի յատուկ տնտեսական ծրագիր մը` ներդրումը քաջալերելու եւ գործի առիթներ ստեղծելու համար:
– Ինչպէս նաեւ կը ստեղծուի տնտեսական յատուկ գօտի մը` մասնակից պետութիւններուն առաջնահերթութիւն տուող մաքսատուրքի յատուկ համեմատութիւններով:
– Ոչ ոքի Կազայէն հեռանալ պիտի պարտադրուի: Ան, որ կ՛ուզէ դուրս գալ, ազատ պիտի ըլլայ, եւ վերադարձի իրաւունք պիտի ունենայ, ինչ որ բնակիչները կը քաջալերէ մասնակցելու աւելի լաւ ապագայի կառուցման:
– Ծրագիրը կը նշէ, թէ Համասն ու պաղեստինեան խմբաւորումները Կազայի մէջ ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենան:
– Միջազգային անկախ հսկիչներու վերահսկողութեան տակ, միջազգային ֆինանսաւորում ունեցող զինաթափման գործողութեան ճամբով պիտի քանդուին անոնց բոլոր ենթակառոյցները, ներառեալ փապուղիները եւ զէնքերու արտադրութեան կառոյցները: Գործողութիւնը զէնքերու գնում եւ զինեալներու համարկում կը ներառէ:
– «Նոր Կազա»-ն յանձնառու պիտի ըլլայ կառուցելու բարգաւաճ տնտեսութիւն մը, եւ իր դրացիներուն հետ խաղաղ համակեցութեան, շրջանային գործընկերներու կողմէ տրամադրուող երաշխիքներով` վստահ ըլլալու համար, որ Համասն ու պաղեստինեան խմբաւորումները կը յարգեն համաձայնութեան կէտերը:
– Միացեալ Նահանգներն ու արաբ եւ միջազգային գործընկերները աշխատանք պիտի տանին կազմելու «կայունութեան միջազգային ուժ» մը, որ անմիջապէս Կազայի մէջ պիտի տեղակայուի` Յորդանանի եւ Եգիպտոսի հետ խորհրդակցաբար մարզելու եւ աջակցելու համար պաղեստինեան ոստիկանական ուժերուն, զէնքի մաքսանենգումը արգիլելու եւ Կազայի վերաշինութեան համար ապրանքներու հոսքը դիւրացնելու համար:
– Իսրայէլ Կազան պիտի չգրաւէ եւ զայն պիտի չկցէ: Անոր ուժերը աստիճանաբար պիտի հեռանան` զինաթափման հոլովոյթին կապուած արժեչափերու եւ ժամանակացոյցի հիմամբ:
– Հողերը աստիճանաբար պիտի փոխանցուին կայունութեան միջազգային ուժին, մինչեւ հեռացման ամբողջացումը: Բացի ապահովական գօտիէն, որ ժամանակաւորապէս պիտի մնայ մինչեւ Կազայի կայունութան երաշխաւորումը:
– Եթէ Համաս համաձայնութիւնը մերժէ կամ ուշացնէ, ապա օգնութիւններն ու ծրագիրները պիտի շարունակուին այն շրջաններուն մէջ, որոնք կը յանձնուին կայունութեան միջազգային ուժին:
– Ծրագիրը նաեւ կը ներառէ կրօնական երկխօսութիւն` ամրապնդելու համար հանդուրժողականութեան եւ խաղաղ համակեցութեան արժէքները, պաղեստինեան ու իսրայէլեան մտայնութիւններն ու պատմութիւնները փոխել` խաղաղութեան առաւելութիւնները ընդգծելով:
– Կազայի վերաշինութեան յառաջ ընթանալով եւ Պաղեստինեան իշխանութեան բարեկարգման գործադրութեամբ կրնան պայմաններ ապահովուիլ ինքնորոշման եւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման ուղղութեամբ իսկական ուղիի բացման` նկատի ունենալով, որ անիկա պաղեստինցի ժողովուրդին օրինական ձգտումն է:
– Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղ ու բարգաւաճ համակեցութեան հորիզոններու ուրուագծման քաղաքական երկխօսութեան մը պիտի ձեռնարկէ:
Յստակացումներ
Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ես պաղեստինեան պետութեան ստեղծման համաձայն չգտնուեցայ, եւ ատիկա համաձայնութեան մէջ չէ գրաւած»:
Թրամփ երէկ իր կարգին նշեց. «Համաս 3 կամ 4 օր ունի խաղաղութեան ծրագիրին համաձայնելու, եւ եթէ համաձայնութիւնը մերժէ, Իսրայէլ պէտք եղածը պիտի ընէ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Համասի Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրի պատասխանը տեսնելու կը սպասենք»: